Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/8

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

(ՈԻՐՈԻԱԳծԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ԵԻ ԳՈՐԾԻ ՄԱՍԻՆ)

Նիկոլ Աղբալեան ծնած է 1873 թուին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի հայաբնակ Հաւլաբար թաղը, աղքատ ընտանիքի մէջ: Հայրը համեստ փռապան մըն էր․ մայրը՝ ռամիկ եւ նահապետական բարքերով ապրող, բայց գրասէր կին մը, իր զաւկին մօտ ուսման սէրը արթնցնող առաջին անձը կըլլայ:

Նախնական կրթութիւնը իր թաղի վարժարանին մէջ ստանալէ յետոյ, Ն․ Աղբալեան կը յաճախէ Թիֆլիսի Ներսէսեան դպրոցը, որուն ընթացքը չաւարտած՝ կը մտնէ էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, որ ժամանակի հայ իրականութեան մէջ իբրեւ երկրորդական ուսման կեդրոն՝ բացառիկ տեղ մը կը գրաւէր։ Գէորգեան ճեմարանը հիմնուած էր Գէորգ Դ․ Կաթողիկոսի ջանքերով եւ նպատակ ունէր լուրջ պատրաստութեամբ հոգեւորականներ եւ մտաւորականներ հասցնել: Ճեմարանը օժտուած էր ժամանակի լաւագոյն պատրաստութեամբ ուսուցչական կազմով, ուր հայագիտական առարկաներու չափ կարեւորութեամբ կաւանդուէին գիտական առարկաները։ Հիմնադրութենէն չանցած տասնամեակ մը, ճեմարանը արդէն կը սկսէր արդարացնել իր գոյութիւնը եւ համահայկական նշանակութիւն ստանալ: Հայաստանի, Կովկասի եւ Փոքր Ասիոյ ամէն կողմերէն ուսումնածարաւ պատանիներ հոն կը դիմէին: Ուսման նոյն ծարաւէն մղուած Ն․ Աղբալեան կը դիմէ ճեմարան, ուր սակայն հազիւ երկու տարի ուսանելու բախտը կունենայ: Ճեմարանի մէջ տիրող ոգիէն ու պայմաններէն դժգոհ՝ խումբ մը տղոց հետ պատճառաբանեալ նամակով մը թուելէ եւ հեռանալու իրենց անդառնալի որոշումը նորընտիր կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկին յայտնելէ յետոյ, կը խնդրեն Հայրիկէն, որ «օրհնէ եւ արձակէ» զիրենք։

Դուրս գալով ճեմարանէն Ն․ Աղբալեան ոտքով կը շրջի Արեւելեան Հայաստանի մէկ կարեւոր մասը եւ երկու ամսուան ընթացքին քանի մը տասնեակ գիւղ ու քաղաք անցնելէ եւ Հայոց աշխարհի այդ մասին լաւապէս ծանօթանալէ յետոյ կը հասնի Թիֆլիս:

Ներսէսեան վարժարանի մէջ թէ Գէորգեան ճեմարանի՝ Ն․ Աղբալեան կըլլայ լուրջ, մտացի եւ մտաւոր լայն հետաքրքրութիւններ ունեցող աշակերտ մը՝ իր դասերէն դուրս իր ժամանակի մեծագոյն մասը յատկացնելով ընթերցանութեան:

Զինքը ամենէն աւելի հետաքրքրողը գրապատմական երկերն ու ընկերային գիտութիւններն են, ուր սակայն շուտով ի յայտ կու գան նաեւ բանաստեղծ գեղագէտի թափանցող, լրջօրէն վերլուծող եւ համադրող միտքն ու հոգին։ Թէեւ թերաւարտ, սակայն իր հետեւողական ընթերցումներն ու մանաւանդ հոգեկան