Jump to content

Էջ:Երգեր եօթանասունէս ետք, Թորոս Թորանեան.djvu/7

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

7 ԻՆՉՈ՞Ւ

Հողին յանձնուած ցորեանը տակաւ

Մէկի փոխարէն տաս, հարիւր կուտայ.

Բայց հողին տրուած մարդերը բոլոր

Շնչաւոր, անշունչ կըդառնան լոկ հող.


Ինչո՞ւ երկու չափ ու երկու կշիռ...


Կիրքն է կրակ։

Չարիք է ան, մերթ ալ բարիք.

Ու վա՜յ անոր, որ բարիքն այդ

Կը վերածէ լոկ չարիքի։


ՍՏՈՒԵՐ

Ես ստուերներո՞ւ գումարն եմ արդեօք.

Ստուերներս ինծի կը հետևին միշտ.

Մտածո՞ւմս է արդեօք առաջնորդս իմ

Թէ մտածումիս ստուերներն անթիւ,

Որոնք իրարմէ ծնունդ առնելով

Կը սուրան ինչպէս սամում սրաթև

Ու զիս բարձունքի կ՚առաջնորդեն մերթ

Մերթ ալ խորխորատ կը տանին փութով...

Կ՚ըսեն ստուերը կը ծնի լոյսէն։

Ստուերներն ամէն մտածման լոյսի

Անխուսափելի պարզ ծնունդներն են։


ՍԻՐՏՍ

Կը մղկտայ սիրտս անվերջ

Ցամաք նետուած ձուկի մը պէս