Jump to content

Էջ:Երգեր եօթանասունէս ետք, Թորոս Թորանեան.djvu/8

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Երբ մուրացկան մը ես տեսնեմ

Շուայտ մարդոց հոսանքին մէջ։



Յաղթել մէկը այս կեանքիս մէջ

Երբեք, երբեք ես չուզեցի.

Զի պարտեալ մը դէմս կանգնած

Զիս չարչրկէր ընդմիշտ պիտի։



Այս սահմանեալ կեանքիս մէջ

Երբ սահմանել ես կրցայ

Վախը մարդոց յարակայ.

Վախնալն ի՞նչ է չգիտցայ.

Զի կամքովս իմ արի

Քէն ու ոխէն խոյս տուի։


ԱՄՊԵՐՆ ԱՆՅՈՒՍՈՒԹԵԱՆ


Անյուսութեան ամպերը մութ

Երբ խտանան ծալքերում մէջ

Իմ յարաշարժ մտածումիս,

Նաւերն ինչպէս կ՚առնեն ուղի

Ծովեզրերու փարոսներէն,

Որպէս ամրոց ու ապաւէն

Կ՚ապաստանիմ մշակոյթի

Սփոփարար գանձարանին։


ՁՈՒԿԸ


Ձուկն ալ հերկած, ցանած չունի,

Խոր ծովուն տակ միշտ հոլանի,