Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/302

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բուրելս մէկ եղաւ։ Ոտքդ համբուրեմ, աքլ մի խմեր, մի խմեր, որ օգտակար գործ կատարես, ըսի։

Խորապէս յուզուեցաւ Նիզար։ Այդ. օրէն թողուր խմելյը։

Հիմա, լքած Հալէպը, քաշուած է Բեսապ իր մենատունը ու հոնկյապրի։ Կը ղբաղի խնձորենի խնամելով ել հայ գրականութիւնը արա­բերէնի թարգմանելով։

Պատրաստ շատ գոր ծեր ունի։ Հրատարակիչի կը սպասէ։ Ես ալ այս օրերուն ուրիշ մէկ քանի թարգմանիչներու խոստումներ տուած եմ։

Բոլորին չեմ կրնար հասնիլ։ Արդէն մէկ քանի ամիս առաթ պատճառ եղայ, որ Պէյրութի մէջլոյս տեսնէ Խաչիկ Փիլիկեանի արաբերէն լեղուով պատրաստած մէկ գրքոյկը Կոմիտասի մասին, որ լաւ ընդունելութիւն գտաւ։

Այս արաբերէնով հրատարակուած գիրքերը արժան ագան շուրջ եր­կու տասնեակ գրախօսականներու Աուրիոյ, Լիբանանի, Հարաւային Եէմէնի ու Թունուզի մէջ։

Ծրագրուած աշխատանք տանիլը անհրաժեշտ է։ Մերինը, անհա­ տական ձեռնարկ է ու ատով իսկ տկար։

Արաբ-հայ մշակութային յարաբերութիւններու ենթահողը կայ, կը մնայ աշխատիլ։ հ՝ործ մը, որմէ կրնան օգտուիլ աշխարհի հնագոյն այս երկու ժողովուրդները։

Այլ արաբ գրագէտներու ալ հանդիպած եմ, բայց, դառնանք ի հայս։

ԲԱԲՊ՝ԷՆ ՍՈԲԱԶԱՆ ԱՊԱՏԵԱՆն էր, Բիւզանդ Թօփալեանը ու ես։ Նստած էինք Արմենիա հիւրանոգի ճաշարանին մէջ ու կը խօսակգէինք քիչ մը Հալէպէն ու աւելի շատ Հարաւային Ամերիկայի հայագաղութներէն, որոնց առաջնորդութիւնը կը վարէր Ապատեւան Արբագանը այնքան նուի­րումով։

Եր նախակրթութիւնը Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանէն ստացած այս կղերականը իր հետ Արժան թին տարած էր հայկական աւան դութիւնները սրբօրէն պահող իր հոգին։

Մեր խօսակցութեան տաք մէկ վայրկեանին, սեղանին մօտեցաւ ինծի անծանօթ կղերական մը։ Ղէմքէն մօտաւորապէս կռահեցի իր ով ԸԱաԱ1> ԲայՑ վստահ չէխ

Մօտեցաւ ու համարձակ բամբ ձայնով մը յարեց.– Ւնչ է, Թօփալեան, նստած այնթապցիական ժողո^վ կը գումարէք։

Միշտ մեղմ Թօփալեանը մեղմօրէն ժպտեցաւ ու պատասխաներ.- Պատրիարք Հայր, մենք ձեր ժողովներուն երբեք միջամտածչունինք։