Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/347

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նութիւնր, բայց սպառելով, ինքզինք սպառելով: Մոմի նման լուսաւորեց ու հալեցաւ:

Տակաւին ունի լոյս, ամբարուած լոյս: Իցիւ թէ անձնական գործմըն ալ տայ:

Ուրիշներուն ծառայելր լաւ չէԱնշուշտ լաւ է:

Մարդ երբ ինքնիրեն ծառայէ վա՜°տ է միթէ, երբ այդ իրը դարձեալ ազգին համար է:

Անդրանիկը տեսայ երեւանի մէջ Նուրիկեանին հետ: Տեսայ Նիւ Եորքի եւ Նիւ ճըրդիի Հ.Ո.Ը.Միութեան իր պաշտօնատեդիին մէջ: Աղջկանրս Անիին հետ գտնուեցայ իր տանը մէջ:

Աստուած իմ, այդ որքան նիւթ ունի ամբարած Անդրանիկր իր յար­կին տակ: Այդ ովկէան մր նիւթեր ր ե^րբ պիտի օգտագործես, Անդրանիկ:

կքերեւի ժամանակ կ *րըայ:

Բայց ժամա նակը մեզ կը սպասէ՞...

Անանձնական նուիրում - Ահա Անդրանիկ Փօլատեանին իրաւ անունը:

կԱՈՊԻՍ ԶՈՈԱՇԵԱՆ: Հոգի տղայ մը: Վ անեցի ծնողներու զաւակ, որ գնաց տեսաւ Վանը երկու անգամ: Ուխտի գնաց իր ու իր ծնողներուն հայրենիքը առաջին անգամ իր հօրեղբօր, Մարսէյյի բնակիչ Արծրուն Զրրաշեանին հետ ու երկրորդ անգամ իմ հետս: Աւելի ճիշդր էնք գիս տարաւ:

Պոռթկացող հայ մր: կ*ուզէր իր հաշւոյն երեսուն հայ ընտանիք տանիլ Վան ու հաստատել: Ո^վ կարտօնէ, կարպի*ս:

Մեր ծանօթացումր տեղի ունեցաւ Փարիզ դասախօսական սրահի մը մէջ կատարած մէկ ելոյթէս ետք:

Սարդիկ հաւաքուած էին շուրջս եւ կր հրաւիրէին զիս իրենց տուներր: կր մերժէի բոլորը, առարկելով, թէ զբաղած էի: Մեկուսի կանգնած այս տղան, յանկարծ մօտեցաւ ինծի ու իր այցետոմսը երկարելով ըսաւ.– Ահա հասցէս, հաճիս զանգահարէ երբ ժամանակ ունենաս, հետդ ծանօ­թանալ կ*ուզեմ։ Ու գնաց:

Նոյն Օրը ծանօթացանք դառնալու համար դիրար չմոռցող բարե­կամներ:

Ահա ձեղի հայրենասէր մր, որ իր հայրենասիրութեան համար պայ­մաններ չ ^առաջարկեր:

Երեք զաւակ ունի: Երեքն ալ կր գրեն, կր կարդան, կր խօսին հայերէն: