Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/350

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Դոկտ. Սթիւվելինկի տունը տուն չէր, գրադարան էր յար ել նման Մարթթի էարնիի տան։ Գիրքեր, գիրքեր, գիրքեր, տարբեր լեզուներով, տարբեր չափերով։

Տէր եւ Տիկին զիս ճաշի պահեցին։ Մենք ժամերով խօսեցանք Հայաստանի մասին, ուր տարի մը աոաջ գտնուած էին իրենք: Խօսեցանք Թոլմանեանի հարիւրամեակին ու հոլանտական մամուլի մէջ թարգմանաբար մեր բանաստեղծը ներկայացնելու մասին։

Ս1ժիւվելինկը սիրով յանձն առաւ իմ ունեցած ան գլեր էն ու ֆրան­սերէն թարգմանութիւններու հետեւողուժեամբ Թումանեանր թարգ­մանել ու հրատարակել հոլանտական մամուլին մէջ։

Ենք, իր կարգին, քառեակներ յօրինած էր Հայաստանի մասին: Այդ քառեակները վերցուցի հետս, Փարիզ, ֆրանսերէնի թարգմանել տուի, ապա, Մոսկուա մեկնելով Աբրահամ Ալիքեանին ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանել տալով ներկայացուցի Վարդգէս Պետրոսեանին: Պետրոսեանը տպեց այդ քառեակները իր խմբագրած «Գարուն» ամբագիրին մէջ։

Սթիւվելինկը իր կարգին ունէր խնդրանք մր - գրէ, ըսաւ հայ մա­ն՛ուլին մէջ Պելճիգայի ֆամաններուն մասին: Ան ոնք հոլանտացիներ են, միլիոններով են, մենք կր խօսինք նոյն լեզուն, հոն, մենք ճնշուած ենք:

Ժամանակին հասար: Վաղը պիտի մեկնիմ Պրիւքսէլ դասախօսու­թիւներ տալու։ Խնդրանքս չմոռնաս։

Բաժնուեցանք կրկին հանդիպելու խոստու մով։

Բաժնուեցանք ու ահա ես կը մտածէի թէ միայն մենք, մենք հայերս ունինք բաբդ չլուծուող հարցեր։ Ահա հոլանտացին ալ ունի խոշոր հարց մր, իր ֆլամաններուն հարցր։ Եւ զարմանալին, մեծեւ անուանի բանաս­տեղծ մը հայ մամուլին մէջ այս հարցին արծարծուիլը կը խնդրէ։

Հաւատացի, որ մեր ճիգերը բազմապատկել պէտք է։

Սթիւվելինկը Հայաստան եկած էր 1966թուականին։ Շատ կապուած էր Ռափայէլ Արամեանին ու իր գրածքառեակները նուիրածմեր այնքան սիրուած արձակագիրին։

Թումանեանի մասին տուած խոստումս կը կատարեմ, եւ աւելին, մեր հոլանտական համաքնագիտարանի մէջ տեղ կու տամ իրեն։ Թ. տառին շուտով կը հասնինք։ Թումանեանր անպայման կր մտնէ հոլանտական համայնագիտարանինմէջ։

Ուրիշ հայեր չկա^ն, կը հարցնեմ։

Ցաւօք սրտի, ոչ, կ*ըԱայ պատասխանը։ Բայց պէտք է մտ ածենք այդ սւղղութեամբ։ Յետոյ կիսէ, մոռցայ, կայ Սարոյեանր...

Երբ կը բաժնուէխյր Սթիւվելինկը ըսաւ.– Աշխատինք որ աշխարհ չհեռանայ րանաստեղծա թեւնէ: Բանաստեղծաթենէ հեռանալը պատե–