Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/114

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բասունիին բացատրեցի եղածը, որպէսզի հաղորդէ Վահէին։

Վահէն ըսած է.– Գիտէի, կր սպաս էի այս վախճանին, այդ մարդը դրամ ունի, թող ուիսքի խմէ, ի՞նչ գործ ունի հօրս գրականութեան հետ...

Տարիներով յանցաւ որ ղդացած եմինքզինքս Հայկազին այս ըրածին համար։ Տարիներով չեմխօսած այս «հարուստ» հայուն հետ։ Ու կարեւորը տարիներով չեմ խօսած Վահէին հետ՝ ամօթէս։

1982ի վեր ջին օրը, Դեկտեմբեր 31ին, Ֆիլատելֆիա էի մէկ քանի ժամով։ Գտայ Վահէ Օչականին հեռախօսի թիւը Ու առաջին անգամըլ­ լալով, տարիներ ետք գիրքի հրատարակման հարցէն խօսեցայ։

Վահէն «մոռցած» էր գիրքի հարցը։ Շատ տաք ու պագ տեսած Վահէն։

1984ին, դարձեալ հանդիպեցայ Վահէին այս անգամ Նիւ Եորքի մէջ։ Հոն մէկտեղուած էին հարիւրակ մը հայեր նչելու համար Յակոբ Օչականի ծննդեան հարիւրամեակը: Խօսողներէն մէկը որդի Օչականն Էր։

Իր ել ոյթէն ետք, մօտեցայ իրեն։ Փոխած էր քաղաքը, այս անգամ կր բնակէր Սան Ֆրանսիսքօ։

Ըսի, Վահէ, պոէմ մը գրած ես, ձայներիզի վրայ արձանագրած ես, Հալէպի մէջ լսեցինք խումբով: Բարձը էր ձայնը գործիքին, այդպէս ըրինք խորհելով, որ հայրդ ալ կրնայ լսել։ Ըան մը աւելցնե^մ, ըսի, եթէ մէկ եր­կու նախադասութիւն ու բառ ջնջուին այդ պոէմէն, գործը կրնայ ստորագրել ոեւէ գրող, որ կր պատկանի քեզի հակառակորդ բանակին։ Խնդաց։

Քաղաքներ ու երկիրներ փոխող Վահէ Օշականը մէկ բանի վրայ կր մնայ հաստատ՝ իր հայ գրողի ոլ մտածողի հանգամանքին։

Հալէպ

Վարիք կա°յ կրկին արձանագրելու, որ մեծ հայրս ու մեծ մայրս աք­սոր ու տարագրութիւն տեսած հայեր են։ Զեմ մանրամասներ։ Պարզապէս կ*ուզեմ այս պարագան յիշել ու յիշել տալ։

Երկուքն ալ մահացան Հալէպ։ Չտեսան Հայաստանր։ Պեմուրագ գացին (բառը իրենցն է)։

Մեծ հայրս, որ միշտ կ ՚երագէր Հայաստանի մէջ մեղուաբուծութեամբ զբաղիլ, մահացաւ երբ ես ուսանող էի երեւանի մէջ։ Հասայ մեծ մօրս վերջին օրերուն։

Տղաս, կիսէր մեծ մայրս, տես, բերնէս մազ կքեըէ։ Ելածը շսղիք էր*