Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/121

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Շահնուրին քով գացինք, այսպէս ըսաւ, այնպէս ըսաւ: Ու կը գրեն անլրջութիւններ։ Այդ թո/ո/7Ը ըսած չեմ ըԱար:

Ոեզ ընդունեցի ու ահա կիսեմ.– Զեմ ուդեը յօդուածներ գրես: եր նստինք, կը խօսինք ուզածիդ չափ:

Օրինակ մը տամ: ԶաըեՀ Մելքոնեան անունովրանաստեղծմը ունիք: Եկաւ մօտս: Խօսեցանք: Խելացի մէկը կ երեւէր: Լուրջ մտածոդ մը: Գնաց, յօդուածաշարք մը գրեց: Ու գիտես ի^նչ գրեց, ֆրանսահայ գրողներու մօտ ուրիշ բան չէ գտած, ֆրանսահայ գրողներու մասին գրելիք ուրիշ բան չէ գտած եթէ ոչ հետեւեալըՇահնուր զաւակ չունի, Թօփալեան զաւակ չունի, Զարոյեան զաւակ չունի, Սարաֆեան զաւակ չունի, ճիզմէճեան զաւակ չունի, Ահարոն զաւակ չունի, Շուշանեան զաւակ չունէր, Փայլակ Միքայէլեան զաւակ չունէր, Շաւարշ Նարդունի զաւակ չունի... մէկ խօսքով ֆրանսահայ գրողները ամուլ են...

Ոայց չէ** որ դուք ամուլ չէք, ընդմիջեցի ես, չէ** որ ձեր զաւակները ձեր գիրքերն են եւ այնպիսի գիրքեր...

Այո, այո, ահա ձեր Զարեհը ամերիկացի ժուռնափստի նման թաքուն, խիստ գաղտնի պահուած երեւոյթներ կը բացայայտէ. կ՚երեւի իր ընթեր՜ ցոզներուն համար այս լուրն էր կարեւորը, այս էր զգայացունցը: Չհասկցայ ինչ ըսել կ*ուզէր այս բոլորով:

Երկու տեսակցութիւն ունեցայ Շահնուրին հետ:

Մեր երկրորդ տեսակցութեան, Շահնուր, իր մահճակալին կից դա­րակէն դուրս բերաւ հայ գրականութեան վերաբերեալ Հայաստան տպուած գիրք մը եւ ըսաւ.– ՏեՀս, մարդիկը կաշխատին: եր վերլուծեն մեր ամբողջ գրականութիւնը: Սա, շարքի մը առաջին հատորն է: Ու սկսաւ ինծի համար կարդալ կարմիր մատիտով ընդգծուած տասնեակ մը էջեր:

Ես տեղւոյն վրայ մտածեցի: Եւ տակաւին, Սփիւռքի մէջ կր գտնուին մարդեւր, որոնք կր համարձակին պնդել, որ Շահնուր հեռացած է հայութենէ, կտրուած է մեր գրական մթնոլորտէն:

Շահնուր, տասնեակներով գիրքեր ցոյց տուաւ ինծի, ստացուած մեր զանազան դա դա թներու գրողներէն:

Զեմ ըսեր, թէ բոլորը կր կարդամ, ըսաւ գրագէտը, բայց անպայման աչք մը կր նետեմ: Տոկուն, իրաւ գործերու քիչ կր հանդիպիմ, բայց չեմ կրնաբ չգնահատել ճիգբ, սա նահանջող Սփիւռքին ճիգը, բաբի, յուզիչ ճիգը։

Գէմս նստած էր «իր ժողովուրդէն կտրուած գրագէտը»:

Տանկարծ դէպի գրադարակը ուղղուեցաւ եւ ըսաւ.– Չեռագիր մը ունիմ: Անստգիւտ ձեռագիր մը քեռիէս Թէոդիկէն մնացած: Ահա այս գիրքն է, Եզիա ՏէմիրճիպաշեանէՂւ: Հայ գրականութեան ամէնէն ինք­նատիպ մէկ երկը: Եղիան, այստեղ, դրի առածէ իր բոլոր մտածումները։