Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/13

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ատեփանը «Նայիրի»ի թիլ մըն ալ ցոյց տուաւ ինծի, ուր իմ մէկ յօդուածս արտատպուած էր։ Տես, ըսաւ Ստեփանը, Անդրանիկը շատ քիչ անգամ արտատպում կը կատարէ, այս մէկը քեզի հրաւէր մըն է, որ աշխատակցիս թերթին։ Այսպէս դարձայ «Նայիրի»ի բնակիչներէն մէկը, կարճ ընդ­ միջումով մը միայն:

Ահա ընդմիջումին պատմառները. Պէյրութ, «Նայիրի»ի խմբագրա­տան մէջ ենք տասը հոգիով: Խօսք կը բացուի Շահնուրի գրականութեան մասին: Անդրանիկր կըսէ, թէ Շահնուր Լրվանթէն մըն է, ըստ իրեն հայութենէ հեռացած ու կը յիշեցնէ Շուշանեանին մէկ խօսքը։ Ես բուռն կերպով կը պաշտպանեմ Շահնուրը ու կիսեմ թէ այս գրագէտը իր սե­փական արիւնովը գրած է իր վէպն ու պատմուածքները, եւ հայ է մինչեւ իր ուղն ու ծուծը։ Անդրանիկը կը ջղայնանայ ու կըսէ, դուք մելգոնեանցիներդ շահնուրապաշտ էք արդէն: Ես կը պատասխանեմ քու մէջդ խօսողը նախկին դաշնակցականն է, դուն Շահնուրին չկրցար հասնիլ, ահա քու ատելութեանդ պատմառը, ահա շան գլուխը։ Վէմը կը բորբոքի, Մանուէլ Բէօսէեանը կ՛աշխատի միջնորդեր խօսք կառնէ Գէորգ Ներսոյեանը, կը խօսի Յովհաննէս Պետեանը, բայց անօգուտ:

Ես Շահնուրը չեմ ատեր, կիսէ Ծառուկեան, ես յարգած եմ զինք ու այդ մասին վկայութեան կը կանչեմ գրած յօդուածս, որ այնքան ալ հին չէ

Ես ալ վկայութեան կը կանչեմ հին յօդուածներդ, բորբոքած կիսեմ ես, որուն առիթով եթէ Թէքէեանը չի միջնորդեր, Շահնուրը քեզի դէմ պատւոյ դատ պիտի յարուցէր:

Այս վէմէն ետք, Անդրանիկր միջոց մը յօդուածներս չտպեց: Բարե­կամներէս մէկուն ալ ըսած է, թէ արդէն Թորոսը «Ափիւռք»ին կաշխատակցի:

Անդրանիկր չէր ուզեր, որ «Նայիրի»ի մէջ հանդէս եկողը ուրիշ թերթի մէջ ալ յօդուած ստորագրէր: Եսկ Սիմոնեանը ըսած էր ինծի.–ես քու ուսուցիչդ եդած եմ: Թերթ կը հրատարակեմ։ Ուրախ եմ, որ «Նայիրի»ի մէջ կը տպուիս: Տասը յօդուած Անդրանիկին տուր, մէկ երկու յօդուած ալ ինծի։ Զէի կրնար ոչ ըսել; ես հայ գրականութիւնն ու հայոց պատ­մութիւնը սիրած էի շնորհիւ Սիմոնեանին; Սիմոնեանն էր իմ հոգիիս մէջ հայկականսւթեան առաջին հունտերը ցանողը։

Անդրանիկը միջոց մը չտպեց յօդուածներս: 1980թուականի Նոյեմ­բերին, խումբ մը սփիւռքահայ մտաւորականներու հետ ես ալ հրաւիրուած էի երեւան, մասնակցելու համար Հայաստանի մէջ խորհրդալին կարգերու հաստատումի վաթսունամեակի տօնակատարութիւններուն:

Ղամասկոս երեւան օդանաւին մէջ էր Անդրանիկը: Եր մօտ նստած Էր Ղ՝առնիկ Ադդարեանը: Երբ օդանաւը երեւանին կը մօտենար, Գառնիկը