Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/14

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մօտենալով ինծի ըսաւ.– Եղբայր, գիտեմ նեղուած ես Անդրանիկէն, հիմա Հետը կը խօսէի, ըսաւ քեզի դէմբան մը չունի. եկուր հաշտուեցէք, լմննալ;

Հաշտուեցանք օդանաւին վրայ։ Անդրանիկը ըսաւ, գրէ յօդուած մը երեւանի մէջ, տանիմ «Նայիրի»ի առաջին էջին վրայ տպեմ;

Վաթսունամեակի ելոյթս տուի։ ելոյթիս իրաւ պատճէնը տպուեցաւ «Նայիրի»ի նախավերջին էջին վրայ, մինչ մամուլի այլ օրգաններ տպած էին բաներ, որ ես չէի խօսած...

Այսպէս վերադարձայ «Նայիրի»։

Վերջին քսանամեակին իմ ու Անդրանիկին տեսակցութիւնն եր էն Հալէպ, Պէյրութ, երեւան, Փարիզ, Ամերիկայէն Փարիզ հեռախօսային կապերէն Հարիւր դէպք էաՐ^Ժ է պատմել։ Բայց այստեդ, այս էջերը զեղումներու համար չեն։

Հարիւրաւոր մարդիկ կան այսօր, Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ, որոնք ակնկառոյց կը սպասեն, որ շարունակուի «Նայիրի»ն։ Անդրանիկը պիտի կարենա՞յ շարունակել իր թերթը։ երանի թէ։

Խմբագիր երեք կիւրինցի ճանչցած եմ - Անդրանիկ Ծառուկեանր Իր «Նայիրի»ով, Վահէ-Վահեանը իր «Անի»ով, Պետրոս Մինասեանը Իր «Գիրք Գրականութեան եւ Արուեստի»ով:

Երեքին ալ հրատարակութիւններր դադրած են; Այս երեքէն ամէնէն ժողովրդականն ու երկարակեացը Ծառուկեանին «Նայիրի»ն եղաւ։

Մեր գրականութեան այս նուիրեալներուն համար մամուլը կը նշանակէր կեանք։ Ինչպէս կապրին առանց մամուլի։ Այս հարցումը իրենք թող չլսեն, վիրաւոր են իրենց սիրտերը. կարմիր տաքդեղ դրած կ կրցանք իրենց վէրքերուն վրայ...

Երեքն ալ Պէյրութ կապրէին Սփիւռքի սիրտին մէջ։ Հոն էր, որ կը հրատարակէին իրենց թերթերը։ Բայց լիբանանեան դէպքերը...

Հիմա Անդրանիկը Փարիզ է, Մինասեանը։ Թորոնթօ, Վահեանն է, որ կը մնայ Պէյրութ։

Երեք գրող, երեք աշխարհ ու հայու մէկ ճակատագիր։

Անդրանիկը պէտք է վերահրատարակէ «Նայիրի»ն։ Ըսելիք ունեցող մարդը պիտի խօսի, քանի որ Սփիւոքը ծարաւի է այդ խօսքին։