Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/135

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ահա, ես շուրջքառասուն տարիէ ի կեր կր վայելեմ Արմէն Դարեան մարդուն, հայուն, գրագէտին բարեկամութիւնը ու այս անունով՝, այս բարեկամութեամբ հպարտ եմ։ Այս հպարտութիւնը ուրախութեան ալիք մըն է, մարգ արարածին հանդէպ ճարճատող հաւատքի մը դիմաց, յոյսի բարձրացող ալիք, նաւաբեկեալի ուրախութիւն, որ անմեռ յոյսէ մը կր ծնի շարունակելու համար կեանքը:

Շուրջ քառասուն տարիներու բարեկամութիւն մը, երբ չի պղտորիր քամիներու բերած փոշիներէն, շրջապատի առատահոս կեղտէն, կերէն եկող հրահանգներէ, րսի-ըսաւներէ, պաոաւաբանութիւններէ, որ կանսայ ներքին ձայնին, այն մարդկային բիւրեղեայ տեսողութեան, որ կը մնայ, որ միջուկն է, թթխմորն է մարգ արարածին, որ յաճախ, աւաղ, թանձրացեալ մթութիւններու մէջ կը կորսուի շատերու մօտ...

Հալէպի մէջ ծանօթացայ Արմէն Դարեանին: Տարին 1947էր։ Եկած էր այն քաղաքը, ուր իր աչքերը բացած էր Մեսրոպի հրաշքին: Այն քաղաքր, ուր հայ, հայութիւն, Հայաստան հասկացողութիւնները, մարգ հաս­կացողութիւնը իր միտքի բոլոր անկիւններր գրաւած էր, ինչպէս մեղեդի մը կր հմայէ մեղ, ինչպէս ծարաւ հողը կինդունի ջուրը, ինչպէս երեխան կինդունի մայրական կաթր:

Հալէպր շատ բան կը յիշեցնէր Արմէն Դարեանին: Ամէնէն առաջ կր յիշեցնէր իր տարագիր ծնողներր, տարագիր հայ ցանցուածներու անմխիթար կեանքը, կը յիշեցնէր իրենց տունը արաբերէն քրտական թաղ կոչուած տուներու ցանցուածին մէջ, ուր աւուր հացի համար հաԱող տարագիրներ կապրէին:

Ես մանրամասն պտտած եմ այդ թաղերուն մէջ: Այդ նեղ, լաբիւրինդոսային, կեղտով փայլող փողոցներուն ու թաղերուն մէջ, ուր շուրջ երեք տասնեակ տարի ապրեցան մեր բաղմութիւնները, մինչեւ որ նոր ոտքի ելլող երեխայի նման քիչ մը օրօրուելոկ քալեցին, նոր երդիք կառուցեցին, շունչ առին...

Եկաւ Արմէն Դ արեանը, կերապրեցաւ իր մանկութիւնն ու պատա­նեկութիւնը, ու մենք, խումբ մր գրասէրներ, բոլորուեցանք իր շուրջ:

Այդ 0^Ը* իեծի համար կր մնայ անմոռանալի: Այդ հանդիպումով մեր սիրած արձակագիրը 1947ին, մեզ կապեց երկու անուններու Պարոյր Սեւ ակի եւ Վահագն Դաւթեանի անուններուն; Դարեանը ըսաւ.– Ահա երկու անուն, որոնք կարճ ժամանակ մը ետք պիտի բարձը հնչեն մեր ժող ովուրդին համար, գուցէ եւ հնչեն այլ ժողովուրդներու համար ալ:

Արմէն Դարեւան, հանեց քերթուած մր գրպանէն, քառածալ թուղթ մը, եւ հանդիսաւոր կերպով կարդաց Պարոյրին մէկ բանաստեղծութիւնը, որմէ մէկ քանի տողեր յաւէտ արձանագրուեցան ուղեղիս մէջ: Պարոյրը Կը գրէր.