Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/151

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիկին Հանըմեան բերաւ նամակներ, վերջին նամակները Զապէլ Եսայեանին, գրուած։ Երեւանէն, 1936ին։ Այդ նամակները ես ղրկեցի Ծառուկեանին։ Անդրանիկր այդ նամակները հրատարակեց «Նայիրի»ի մէջ: Կարդացէք այդ նամակները ու միայն այդ նամակներով ան գամ դուք պիտի կարենաք խորաչափել Զապէլ Եսայեանի հայրենասիրութիւնը։

Երկու ասեղնագործութիւններ բերաւ Տիկին Հանըմեան, որոնք գործն էին Զապէլին: Մէկը աւարտուն, երկրորդը կիսատ։

Տարի Հայաստան ու յանձնեցի Եղիշէ Զարենցի անուան գրակա­նութեան թանգարանի տնօրէն՝ թանկագին Մօրուս Հասրաթեանին։ Երեխայի նման յուգուեցաւ Սայեաթ– Նովագէտր։

Մեր գրողները։ ապրող պատմութիւն։

Զարեհ 9՝ափլան, շնորահկալութիւն քեղի։

Աթէնքի մէջ ապրած է Տոքթ ՓԵՇՏԻՄԱԼՃԵԱ Նը։ Օր մըն ալ բազում ծառայութիւններէ ետք մահացած, ինչպէս ա մէն մարդ կը մահանայ։ Զէ^ որ ամէն ծնունդ մահկանացու է ծնածվայրկեանէն։

Աթինահայ Յակորր պատճառ եղաւ, որ ծանօթանամ Տոքթ. Փեշտիմալճեանին կնոջը։

Տիկինը վերամուսնացած էր յոյն դատախազի մը հետ, որ անուն ու­ նէր Աթէնքի մէջ։

Յակոբն ու ես յոյն դատախազին հիւրն էինք։ Նստած էինք իրենց տան պատշգամբին, որ այնքան մօտ էր երկինքին։ Եթէ ձեռքերնիս երկա­րէինք կրնայինք հասնիլ աստղերուն։ Պայծառ երեկոյ մրն էր, խաղաղ ու պայծառ անապատի գիշերներուն պէս։ երբ կարելի է նման խաղաղ գիշերներ վայելել, մարդիկ ինչպէ^ս պատերազմի կրակը կր հրահրեն, ինչպէ^ս չեն խլանար թնդանօթներու որոտէն, փամփուշտներու հաչոցէն...

Մեր այդ երեկոյին խաղաղութիւնը լացով մը ընդմիջողը Տոքթ. Փեշտիմալճեանին կինը եղաւ։

Կու լար, կքաղաչէլւ, իր կեանքին երազը խնդրանքի մր մէջ խտացուցած էր։ Այդ չէր զարմանալին։ Զարմանալին իր երկրորդ ամուսինին խնդրանքն էր.- Պարոն, կ*աղաչեմ, ինչ կ *ըԱաք, ի սէր Աստուծոյ ու ձեր ազգին, կատարեւցէք կնոջս խնդրանքը։ Ան, իր մեռած ամուսինը ինձմէ աւելի կը սիրէ, կրնամ ըսել կը պաշտէ։ Եր իրաւունքն է։ Ինչ կրնամ ընել. կքաղ աչեմ օգնեցէք ինծի, որ կնոջս իղձր կատարուի։

Ել ի^նչ էր այդ իղձը, փափաքը, տենչանքը...

Տոքթ Փեշտիմալճեանը եղած էր գրասէր ու թարգմանիչ, ունէր հսկայ գրադարան մը։ Տիկինը կքուզէր, որ չկորսուին այդ գիրքերը, բոլորը