Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/16

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պատնէշին վրայ մնալ դիւրին չէ։ Մէկը կը փորձէ բանաստեղ­ծութիւն գրել ու գոչել - կնիկ, զէնքս բեր։ Ուրիշ մը պատնէշին վրայ կը մնայ աւելի քան երեսուն տարի, երբ այդ պատնէշը ներքին ու արտաքին կրակներու տակ է ամէն օր։ Ահա թէ ո՜վ է բանաստեղծը։

Մէկը ճառ կարտասանէ, միւսը կրակին դէմ կը բանայ իր կուրծքը։

Երեսուն տարի, Գառնիկ Ադդարեանը մնաց բանաստեղծ ու խմբագ­րեց կէս երկվեցեակ անուն գրական ու քաղաքական մամուլ։ Տպուեցաւ Երեւանի մէջ, տպուեցաւ Մոսկուայի մէջ ու տպուեցաւ մեր ժողովուրդին սիրտին մէջ:

Գրեց արձակ, գրեց բանաստեղծութիւն, զբաղեցաւ, կը զբաղի Հրապարակագրութեամբ, բայց ինչ որ ըրաւ, ինչ որ կընէ, կ՛իրագործէյանուն Սփիւռքի գոյատեւումին, արժանապատուութեան պահպանումին եւ յանուն մեր խորհրդային հայրենիքին, որ եթէ երկրէն դուրս ունիքաղաքացիներ, ապա անոնց առաջին շարքերուն վրայ քալող առաջիններէն է Գառնիկ Ադդարեանը:

Որքան գիշերներ լուսցուցած ենք միասին, այդ ալ յոգնեցուցիչ եւ մէկէ աւելի ժողովներէ ետք, երբ զիրար կը գտնէինք որոշեալ տեղ մը ու կը վերլուծէինք մեր այսօրը, ապագային հաշւոյն։

Մեր բոլոր երազները, Գառնիկին երազները կապուածեն մեր վերածաղկող երկրին, այսինքն հողին, եւ առանց ծամծմելու բառերը խորհրդային հողին։

Ահա հոսկէ կը բխին կարգ մը հակառակութիւններ Գառնիկին նկատմամբ մարդոց կողմէ, որոնք այս տեսակէտը չեն բաժներ։

Որքան ճիգ գործադրեց Գառնիկը «Գրական Շրջանակ»ի ստեղծու­մին ու պահպանումին համար։ Որքան ճիգ գործադրեց մամուլի պաշտպա­նութեան համար – բազմապատկեցէք վերջին երեսուն տարիներու գրեթէ բոլոր գիշերներուն ու ցերեկներուն բոլոր ժամերը եւ դուք կունենաք գումարը։

Հայաստանէն խմբային կամ անհատ արուեստագէտները եկած են, Գառնիկը ոչ միայն դիմաւորողներու մէջ է, այլ նաեւ հայրենի արուեստագէտներուն հանգիստը կազմակերպողներուն մէջ։ Եր մտասեւեռումը առաւելագոյն ճիգով հայ մարդոց հասցնել հայրենիքին ձայնը։

Էուսակցական-հասարակական աշխատանք, թերթի խմբագրու­թիւն ու այս կլանիչ գերզբաղուածութեան կողքին՝ գրականութիւն։ Եր տուժէ գրականութիւնը։ Բայց չի տուժեր նուիրումը։ Հապա ընթերցանութիւնը։ Գրող մը, առանց կարդալու ինչպէս պիտի ստեղծրագործրէ։ եր գտնէ ժամանակ նաեւ ընթերցումի համար, որպէսզի մամուլը թէ՜ աչքէ անցընէ՝ հայերէն, արաբերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով, թէ՜ դասականները կարդայ, թէ՜ ժամանակակիցները, դարձեալ յիշեալ երեք լեզուներով։