Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/17

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ուր տարակարծութիւն կայ, կարծր կարծուած Գառնիկ Ադդարեանր հոն է, լուծումի ի խնդիր։

Կը յիշեմ 1980թուականին, երբ Երեւան կը գտնուէինք Հայաստանի Խորհրդայնացման վաթսունամեակի տօնակատարութիւններուն մաս­նակցելու համար ու այդ առիթով Կարէն Տեմիրճեանը հարիւրեակ մը սփիւռքահայեր հրաւիրած էր Կենտկոմ՝ ազատ խոսակցութեան, եկաւ պահ մը, երբ խօսքերը ուղղութիւն վերցուցին դէպի սկզբունքայնութիւն։ Սրահը ելեքտրականացած էր։ Սփիւռքի մէջ Դաշնակցութիւնն ու յառաջդիմականներր նոյն սկզբունքները չեն ունեցած ու չունին։

Գառնիկին մօտ նստած էի։ Հիմա, ըսաւ Ադդարեանը, հոն նստող սփիւոքահայերը պիտի մտածեն, թէ կրակ ժայթքեն սկզբունքի համար անմիջապէս որ վերադառնան իրենց երկիրները: Զայն պիտի խնդրեմ ու խօսիմ։

Խօսեցաւ, իր խօսքը ուղղելով Կարէն Տէմիրճեանին.– Թէ սկզրունքայնութիւն ըսելով անշուշտ մենք հասկանալու չենք որ վաղը կրակ բանանք իրաբ դէմ, Սփիւռքի մէջ։ Օրինակ, ըսաւ ան, Լիբանանի մէջ բոլոր ճակատները հասկացողութեան մը եկածեն, անհրաժեշտ է պահել այդ միասնականութիւնը եւ նոյնիսկ զօրացնել զայն։

Նստեցաւ։ ՝8րտնած էր։ Տէմիրճեանը համակարծիք գտնուեցաւ Ադդարեանի ըսածներուն։ Բոլորս ծափահարեցինք։ Գառնիկը շունչ մը առաւ։

Լիբանանի շարունակուող աւելի քան տասնմէկամեայ պատերազմի բոլոր օրերուն «Պատնէշին Վրայ» գիրքին հեղինակը մնաց հոն, կրակ­ներու մէջ, վտանգուած կեանքով, սրտի տագնապով, բայց շարունակեց ու կը շարունակէ իր նուիրումը։

Հայրենիքը նշեց Գառնիկին վաթսունամեակը։ Հայրենի պետութիւ­նը պարգեւատրեց իր հեռաւոր* բայց սրտամօտ զաւակը։ Այսպիսի առիթ­ներով է, որ կիսուի.– Արժան եւ իրաւ։

Իրաւին կողքին երբ կեղծն ալ կր տեսնենք ու կր խօսինք, մեզ յանցաւոր կը նկատեն։ Թող նկատեն։ Պիտի շարունակենք սպիտակը կոչել իր անունով եւ սեւը* իր անունով։ Ակնկալութիւնն եր չունինք։

Գառնիկին գործը անպայման պիտի յիշուի սփիւռքահայ կեանքի բնագաւառին մէջ։

Ինչ ըսեմ, սիրելի Գառնիկ, կեանքդ երկար րԱայ, որպէսզի աշխատանքիդ շղթան երկարի յանուն մեր ժողովուրդին, յանուն մեր խորհրդային հայրենիքին եւ յանուն ժողովուրդներու բարեկամութեան, որուն ջատագովը եղար ու կը մնաս, պատանեկութենէդ մինչեւ այսօր։