Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/200

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՊէյրութաՀայերը շատ բան կը պարտին Կիտուրին։ Բայց Արսէն Կիտուր սերունդի մը ներկայացուցիչն էր։ Սերունդ մը, որ մաՀը տեսաւ ու մաքառեցաւ մահուան դէմ։

Մերթ կու գար պէյրութա Հայ «Գրական Շրանակ»ի հանդիպում­ ներուն։ Վարպետ էր շարունակելի յօդուածներ գրելու մէջ:

Տարիներով գրեց։ Գրեց «Ցուլեր Ու Փուշեր», գրեց Հնչակեան Կու­սակցութեան պատմութիւնը, որուն վերջին մոհիկանն էր ինք հին սե­րունդէն։

Օր մրն ալ գանգատեցաւ– Հայաստան կր հրաւիրուին ֆութպո­լիս տներք երգողներ, պարողներ, գրողներ։ Մենք գրողչե՞նք։ Մեր հրատա­րակած թերթր ի՞նչ է։ Մենք ֆութպոլիստի մը չա՞փ ալ չկանք։

Առիւծի բաշերուն պէս սպիտակ մաղեր ունէր Արսէն Կիտուր եւ չհինցող պերէ մը անկոտրում գրիչի մր հետ։

Երբեք չհաշտուեցաւ ծերութեան հետ։

Օր մրն ալ Հայաստան կանչուեցաւ Կիտուր, հակաոակ ֆութպոլիստ չրԱալուն։ Տեսայ զինք երեւան։ Կամսար Աւետիսեանն էր, որ ինծի հարց կու տար, Թորոս, տեսա՞ր մեր ԱրսԷնը, Արսէնն ա եկել։ Արսէնն ո՞վ է, հարց տուի ես։ Այ, տնաշէն, ըսաւ Կամսար, Պէյրութից չե՞ս ճանաչում մեր Արսէն Կիտուրը։

- Տեսայ։ Մաշած է։

- Մաշիլս որն ա, առիւծի պէս ա...

Արսէն Կիտուր, չեմ գիտեր ինչու, Պէյրութ վերադարձաւ ու... կը զարմանամ, որ Կիտուրը «Արարատ»իխմբագրատան մէջչէ։ Կը կարծեմ, որ հոն պիտի տեսնեմ ղինք։

Վերջերս այցելեցի «Արարատ»ի խմբագրատունը, հոն էր ճամպուլեանը, «Արարատ» օրաթերթի յաւիտենական վարչական պատաս­խանատուն, լեզուիս ծայրին էր հարցնել, իսկ ո՞ւր է Ընկեր Կիտուրը...

Բայ& Ղաա1^ցՒ լեզուս։

Պատշաճ է, որ ամէն մամուլի օրգան, իր պատերուն վրայ պահէ տուեալ թերթին նախկին բոլոր խմբագիրներուն նկարները։

Այս մտածումը ունեցայ «Արարատ»ի խմբագրատան մէջ։

Արսէն Կիտուրը տակաւին կ քապրի։