Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/201

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԼԵԻՈՆ ՄՈՒՐԱԴՈՎը Նանսի կը գտնուի, ըսին ինծի: Փարիզէն շո­գեկառք առի ու մեկնեցայ Նանսի:

Լեւոն Մուրագովը արուեստագէտ մարգ էր, ծագումովթիֆլիսա հայ, բայց իր ամբողջ կեանքը անցուց Ֆրանսա:

Բազմաթիւ քանդակներու հեղինակ է։ ճանչցուած քանդակագործ, որ Բեր Լա Շէգի մէջ կանգնած է նաեւ մեր անմահ զօրավարին՝ Անդրանիկին ձիաւոր արձանը:

Ով, ինչ ալ ըսէ, Բեր Լա Շէգի ձիաւորին քանդակին մասին, այդ գործը տասնամեակներէի վեր ուխտի դարողները սիրով կընդունի։ Ամէն հայ կը նկարուի այդտեղ:

Ահա Նանսի գացի, գտնելու համար Լեւոն Մուրադովը ու զրոյցի նստելու հետը յատկապէս Անդրանիկի քանդակին ծնունդին կապակցութեամբ:

Չկրցայ գտնել: Ոմանք ըսին մեռած է: Ուրիշներ ըսին լսած ենք անունը, կը խորհինք թէ նման մէկը կապրէր հոս: Մէկը ըսաւ ճամբորդած է: Արդեօք կ ատա^կ ըրաւ: Չհասկցայ: Մէկ բան հասկցայ, որ յայտնի քանդակագործը դարձած է անյայտ:

Այո, այդպէս ալ էր: Մեծ ցաւ պատճառեց ինծի այս իրողութիւ նը: Բանի մը ժամերու համար չէի եկած Նանսի: Ձէի ուգեը անմիջապէս վերադառնալ:

Նանսիի մէջ արար բժշկական ուսանողի մը հասցէն ունէի: Գացի ուղիղ իր մօտ: Անթաքլին մեր հարեւանն էր Հալէպէն: Համբուրուեցանք: Խօսեցանք ասկէ-անկէ: Նանսի գալուս եւ ձախողանքիս պաաճառներուն մասին խօսեցայ ու յայտնեցի իրեն, որ երեկոյեան շոգեկառքը որոշած եմ առնել վերադառնալու համար Փարիզ:

Անկարելի է, ըսաւ բարեկամս: Մեծ թիւով սուրիացի ուսանողներ կան այստեղ, կը հաւաքուինք, լաւ, զուարճալի երեկոյ մը կունենանք: Վաղն առաւօտ կը մեկնիս: Եկեր հասեր ես մինչեւ Նանսի, կրնաս երկու երեք օր մնալ, գուցէ այդ հայ արուեստագէտն ալ գտնես:

Մնացի։ Բսկապէս լաւ երեկոյ մը ունեցանք: Ուշ գիշերին, պառկելուս հարցը չէր լուծուած։ Գիտես, ըսաւ բժշկական ուսանողը, այս մեր բնակած տեղը վանք մըն է: Արժէքաւոր հիւրերու համար հանգիստ սենեակ մը կայ, պատասխանատուն ալ բարեկամս է:

Հիմա սենեակին մէջն ենք հինգ հոգիով: Իսկապէս լաւ սենեակ մըն է, հսկայ մահճակալով, պահարանով, գրադարանով: Այս սենեակը, ըսին