Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/217

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳՈՀԱՐ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ։ Երեւ անի մէջ, ուսանողութեանս տա­րիներուն, ունեցայ սքանչելի դասախօս մը՝ Գոկտ. Փրոֆ. Անդրանիկ ճաղարեանր։ Խորունկ հայ, մարդ ու բժիշկ: Գիտնական մը, ղարաբաղցի մր, որ թռչելու համար ծնած էր ու այդպէս ալ երբեք չսողաց:

Փրոֆ. ճաղարեւանը յաճախ կիսէր.– Ահա մի հայ, անունը Գագիկ, կամ Անդրանիկ։ Անունը լսում, ուրախանում ես, որ սա երեւի կը մեծանայ ու կը նմանուի տաճար կառուցոդ Գագիկ Արքային եւ կամ անկրկնելի հերոս Զօր. Անդրանիկին։ Ահա մեծարել է ու ի^նչ... նստել է բանտում: Գործել է խուլիկանութիւն:

Երանի, կիսէր փրոֆ.ր, մարդիկ մեծանային, տեսնէինք, ինչպիսին են եւ նոլ տայինք յարմար անուն...

Այս պատմութիւնը Գոհար Աղնաւուրեանին համար չէ։ Այս հայ կինը մեծատառով գրուելիք անուն մը թողուց։ Եր անունին տէրը եղաւ առանց տուրքի, աոանց պարտական մնալու։

Պայծառ անուն ու պայծառ մարդ:

Երեւ անի մէջ վերջին երկու տասնամեակներուն, կաշխատէր Եղիշէ Զարենցի անունը կրող գրականութեան թանգարանին մէջ։

ԵնչԼքր չըրաւ այս կինը, հարստացնելու համար այդ թանգարանը, այսինքն հեւտեւեցաւ, որ մեր նահատակ ու ողջ գրողներուն արխիւներր իրենց տէրերուն պէս թափառական չըըան, այլ հանգրուանեն հայրենիք։

Մինչեւ Ափրիկէ ու Ամերիկա ճամբորդէդ Գանիէլ Վարուժանի, Գրիգոր Զօհրապի արխիւներր ունենալու համար։ Մինչ ուրիշներ, շատեր, այդ ճամբորդութիւններէն հագուստ կապուստ կը դիզեն, Գոհարը Հայ­ րենիքին գոհարներ բերաւ, հոգեկան հարստութիւն բերաւ հայրենիք։

Երբ Փարիղէն դասաւորեցի ու ղրկեցի ք^իւղանդ Թօփալեանին արխիւներր, երբ Պոյիսէն բերի Գուրգէն Թրենցի արխիւներր, Տիկ. Զարդարեանի հարսանեկան Խարբերդի գործ հագուստը բերի եւ այլ արժէքներ, զիս առաջին շնորհաւորողր ինք եղաւ։

Գէմքին նայելով մայրս կը տեսնէի։ Հայաստնի մէջ մայրս չկարօտցայ։ Երբ մայրս տեսնելու ցանկութիւն ունենայի, կ քերթայի Եղիշէ Զարենցի անունով կոչուող գրականութեան թանգարան ու գբոյցի կր նստէի Գոհար Աղնաւուրեանին հետ: կամ երբ մօրս կարօտը կոկորդս ի վեր կր բարձ­ րանար, կր վերցնէի հեռախօսափողր, կր կանչէի Գոհար Աղնաւուրեանր: Զէր մերժեր առաջարկս։ կու գար ուսանողի տունս։ կր սիրէր զաւակներս։ Ես մօրս կարօտը կառնէի։