Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/277

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը կատարես քու պարտականութիւնդ հանդէպ ազգիդ։ Լալը քեղի չի վայելեր...

Բայց բժիշկ Թորանեան, ճիշդ այդ պատճաոով կու լամ։ Գիտե՞ս ինչ ըսաւ բարեկամդ ինծի, ոչ աւելի, ոչ պակաս, ըսաւ,– Հայրդ եւրկրորդ անգամ կր թադես... Ահա լալուս պատճառր։ Ւսկ ինքթ եթէ յարգէր հայրս, այդ լեղաով շէր խօսեր ինծի հետ։ Ես ի՞նչ ըրած եմ, որ հայրս երկրորդ անգամ թաղեմ, ի՞նչ ըրած եմ, թոդ ըսէփ..

Շողակր, իր ամուսինին ու զաւակներուն հետ կապրի Շիքակոյի մէջ։

Բժիշկ ամուսինը նուիրեալ աղգային մըն է, ծանօթ բոլոր կոդմերուն։ Հալէպ ծնած ու մեծցած, անցած Պէյրութ ու անկէ ալ Միացեալ Նահանգ­ներ, փայյուն կերպով աւարտած է բժշկութեան համալսարանը ու հիմա ալ նուիրումով կաշխատի իր ասպարէզին մէք։ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը կքազէ ապրիլ բոլոր կոդմերուն համար, այսինքն ամբողջ հայութեան հա­ մար։ Բայց կող մերը կքուղեն, որ Ռաֆֆին իրենցմէ մէկուն պատկանի։

Շողակր, փբանանահայ յայտնի մւոաւորական Սիսակ Վարժապետեանին դուստրը, մեծցած է Պէյրութի Բարեգործականի շրջապատը ունե­նալով որպէս կենսական միջավայր։ Շիքակոյի մէջ ալ գործօն ղեկավար­ներէն է Բարեգործականին, բայց ամուսինին պէս համաձայն է տեսակէտի մը, որ ազդր բարձը է բոլոր կողմերէն, որ ազդը բոլոր կոդմերուն ամբոդջաթինն է։

Այս գաղափարէն մեկնելով Տէր եւ Տիկ. Յովհաննէսեաններ, հեռաւոր Շիքակոյի իրենց բնակարանին մէջ միշտ ալ րնդունած են բոլոր կողմերու մեր բարձրաստիճան կղեր ա կ անն երը, ընդհուպ մինչեւ Հայրապետ։

Այս է իրենց յանցանքը։

Ես Շողակ-Ռաֆֆի զոյգին ծանօթացայ Պուէնոս Այրէսի մէջ 1980 թուականին, ուը եկած էին մասնակցիլ Հ.Բ.Ը.Միութեան 07րղ պատ­գամաւոր ական ժողովին։ Հոն էին նաեւ Տէր եւ Տիկ. Սիսակ Վարժապետ - եւանները։ Մենք ծանօթացանք ու կապուեցանք իրարու։ Մեր տեսա­ կէտները շասւ հեղ իրար կամբ ողջացնէին:

Միասին դի տեցինք Ղրդեանի ցուցահանդէսը։ Միասին համոզեցինք Սէթ Մոմճեանը, որ Ամերիկայի նախագահին համար այդ ցուցահանդէսէն վերցնէ «Հայ Մայրը» եըփնագիրը ու նուիրէ։ Այդպէս ալ եղաւ։

Ու հիմա, Շողակին լացը, չորս տարի ետք, Նիւ ճրրղիի մէջ։

Օրեր առաջ միասին էինք Սոնթրէալ, Հայ Բժիշկներու Միջազգային Համապու մարին:

Օրեր ետք, Շիքակոյի մէջ տեսնուեցանք, երբ նոյն օփեբան կը դի­ տէինք:

Անկէ ետք ղիշեըը ամբողջ միասին եղանք Միջիկանի ափին, երկ-