Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/280

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայ գիւղը կը պարպուի։

Մենք ալ, մեր րոլոր բեմերէն կը խօսինք, բոլոր թերթերու էջերուն կր գրենք։ այս հարցին մէջ միասնական ենք։ Փառք Աստուծոյ, հայեի, մի թողուք Սուրիան ու Լիբանանը, հոս, Արեւելքի մէջ մնացէք: Այս տեղ, աւելի ուժեղ պայքար կրնանք մղել մեր լինելութեան հաշւոյն:

Ո^վ է մեղ լսողը։ Մեկնողները տասնեակ հազարներով են: Այստեղ, Հողը մերը չէ։

Ոայց ահա մեր հողին վրայ, Հայաստանի մէջ հակաոակ հայող մօտ տիրող այն կարծիքին, որ հայ գրողը քաղաքական հասունութիւն չի ցուցաբերեր, ահա երկու գրողներ, Համօ Աահեանն ու Աերօ Խանգադեանր, ուսումնասիրելէ ետք Զանգեզուրի պայմանները, կու գան ու հայրենի պետութեան կր ներկայանան առաջարկով մը.– Գորիսի մէջ համալսարա­նական մէկ քանի գիտութիւններու մասնաճիւղեր հիմնել ու քատրաւորել բարձրագոյն ուսումնական այդ հաստատութիւնները:

Առաջարկը կը գործադրուի։ Գորիսը կր դառնայ համալսարանական ոստան։ Հազարաւոր հայ երիտասարդներ շրջանի գիւղերէն, իրենց բարձրագոյն ուսումը կը ստանան Ոակունցի քաղաքին մէջ։ Ու կը մնան հոն, հայկական լեռնաշխար հի բնակիչ, չեն վազեր Երեւան։

Ահա երկու հայ գրող, որոնք առանց հրահանգի որոշ չափով առաջ­քը առին գիւղերու պարպումի հարցին։

Սխալ րան մը րոի^, վարպեՀտ։

ճիշդ ես, պուճուր ախպեր, որոտադին ըսաւ Աերօ Խանգադեանր, այդ հարցր ես ու Համօն ենք բարձրացրել...

Ահա այսպէս, շնորհիւ Արշօ Թիւթիւնճեանի հրաւէրին, բոլոր կողմերը հաւաքաբար ընդունեցին հայրենի գրողը։

Արշ օ Թիւթիւնճեանր ճաբոնական ծաղկայարդարումի վարպետ է։ Ոայց կը վստահեցնեմ ձեզ, որ իր ամէնէն շքեղ ծաղկայարդարումը այդ երեկոն եղաւ։

ԽԱԶԵՍ ԱՈԱՈԱՏԵԱՆը Պէյրութի մէջ ճանչցայ, Ծառուկեանի «Մանկութիւն Չունեցող Մարգեր»ուն մէջ ճանչնալէս ետք։ Լուսանկարիչ էր։ Նոյն արհեստը ունէի այդ օրերուն։ Յաճախ կ՚երթայի Պապ Ետրիսի վրայ գտնուող իր լուսանկարչատունը։ Աւելի կը կարդար, հիւր կինդունէր, ազգային հարցեր կր վերլուծէր, քան թէ կ ^աշխատէր։

Լիբանանեան դէպքերը տարին իր տունն ու խանութը։ Դարձաւ թափառական։ Միջոց մը եկաւ Հալէպ։ Լաւ կ *ասմունքէր։ Ամէն կողմէ կը կանչէին զինք: Հանդիսութիւններու զարդն էր։