Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/282

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆր ասմունքող է: Կ*ասմունքէ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատունը» ամրողջութեամբ: կյասմունքէ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ն:

Գաղան ասմունքող է պիտի ըսէին հայաստանցիները:

Ամբողջյիրանանեան պատերազմի տարիներուն կիւլոյեանը մնաց վտանգաւոր շրջանի իր տունին մէք՝ Մաղարրաթ փողոց, փամփուշտներու նշանակէտ, արգիլեալ գօտի... մնաց։

Հոգի տղայ է կիւլոյեան; Եր մասին այնքան ուրախութեամբ խօսեցաւ ինծի Հրաչեայ Բոչարր Սոֆիայի մէջ, 1961 թուականին։

Լիրանանեան պատերազմի նախօրեակին այցելեցի ղինք մէկ քանի անգամիր ոսկերչական արհեստանոցին մէջ: կաշխատէր, բայց սեղանին վրայ, աթոոներու վրայ, տիւանին վրայք ամէն տեղ գիրքեր ունէր... բոլոր եկողներուն հետ հայ գրականութեան մասին կը խօսէր...

Յակոբ կիւլոյեանը չէ փոխուած։ Պատերազմը գինք չէ փոխած։

Ծնչ լաւ է, որ չէ փոխած։

ԱԲԲԱկ Ս ԽՒԹԱԲԵԱՆը ծնունդով եգիպտահայ է, մինչ կրնար հայաստանցի հայ րըալ։ Թանթա քադաքին մէջ աչքերը բացած է արեւին ու կանուխէն րնկալելով ափրիկեան այդ հողին վրայ ստեղծուած դարաւոր մշակութային հարստութիւններր է դարձած Է մեր ժաման ակներու յարգրւած եգիպտագէտերէն մէկը։

Եր հետ զրոյցի նստած եմ Պրիւքսէլի մէջ երկու անգամ։ Երկու անգան, գտնուած եմ իր տան մէջ ու երկարօրէն լսած զինք։

Բարեկազմ, խօսուն աչքերով, կարճ եւ սպիտակիլ սկսած մօրուքով մարգ մր, որ ոչ թէ կր նմանէր դասախօսի, այլ դասախօս էր Պրիւքսէլի համալսարանին մէջ։

Խօսեցաւ իր ծնողներէն, իր զաւակներէն, որոնք զուիցերիացի մօրմէ ծնած էին, իր աշխատանքներէն։ Մակագրեց իր հեղինակած գիրքերէն եքկուքր, մէկը* Եգիպտոսի հին կրօններուն մասին, ֆրանսերէն, միւսը* հին Եգիպտոսի մշակութային յուշարձաններուն մասին եռալեզուեան։

Անշուշտ, Արբակ Մխիթարեանր, հակառակ հայկական դպրոց յա­ճախած չըլլալուն, կր խօսէր սքանչելի արեւմտահայերէնով մը։