Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/290

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՊաՀ մր գլուխը կր խոնարհէ Ուճէյ/ի ու կիսէ.– Իրապէս, ինչպէ՞ս չեմ մտած ած այս մասին։ Գիտեմ, որ հայերը երախտամոռ չեն երբեք։ Ամերիկայէն հայ մը, գիրք մը ղրկածէ/ մեղի, ուր կար արձանագրութիւն այն մասին, որ Ռազգայի մէջ Ուճէյլիները օգնած են շատ հայերու, որպէսգի փրկուին ստոյգ մահէ։

Պարտքս է։ Ես ալ պէտք է գրեմ։

Պարտքղ ե °րբ պիտի տաս, Ապտէլ Սէլէմ Ուճէյլի, անուանի արձակագիր։

ՕՄԱՐ ՏԱԿԿԱԿր գրական քննադատ է եւ Հալէպի Արաբ Գրողներու Միութեան Նախագահր:

Տարիներէ ի վեր մեր գրական ծանօթութիւնը կր շարունակուի: Մի­ջոց մը Փարիգ մնաց։ Այդտեղէն ալ գրեց ինծի։

Տէյ^Ւ տ Սարշըէ Լենկը հրաւիրած էի Հալէպ: Այս սկովտիացին գրած էր գիրք մր։ «Հայաստանր քաղաքակրթութեան Օրրան» խորադիրով:

Եկաւ Հա/էպ։ Օմար Տակկակէն խնդրեցի, որ այս պատմաբանը հա­մալսարանին մէջ ելոյթ ունենայ։ Գրական քննադատը կատարեց բացումը օրուան դասախօսութեան եւ Մարշրլ Լենկ ունեցաւ հետաքրքրական ելոյթ մը, եօթ հարիւր ուսանողներու ներկայութեան:

Օմար Տակկակ ւիոքր գիրք մը հեղինակեց էպլայի մասին: էպլան, Հիւսիսային Սուրիոյ հնագոյն բնավայրեըէն մէկն է, Հալէպէն ոչ աւելի քան քառասուն քիլոմեթր հարաւ։ Շուրջ հինգ հազար տարիներու հնութիւն մը անի։ էպլայի յայտնաբեւրումը յեղաշրջեց շատ մր տեսակէտներ, կրօնական ըմբռնումներ։

Ահա քննաղատին գիրքր այս բնավայրին մասին էր։

Գործակից արաբ բժիշկի մր հետ գրախօսեցի այս գիրքր Հալէպի «էլ Տատ » պարբերականին նէջ։ Մեր յօդուածին մասին յօդուած լոյս տե­սաւ Գամասկոսի «Թշրին»ի սիւնակներուն վրայ։

Օմարր եւրեւ ոյթ նկատեց այս ւիոքր գործը։

Յաձախ կր տեսնենք զիրար։ Հիացող մրն է մեր ժողովուրդին վրայ։ երր Հայաստանի Գրողներու Միոլթեան Առաջին քարտուղար Վարդգէս Պետրոսեւանր եկաւ Հալէպ, Օմար Տակկակ հայ գրագէտը ղիմաւորողներու մէջ էը։ Ինք կազմակերպեց հանդիպում։ արաբ գրողներու եւ Վարդգէս Պետրոսեանի միջել:

Օմար Տակկակը լաւ բարեկամ մրն է հայութեան։

Մենք լալ բարեկամներու պէտք ունինք։