Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/344

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԱՈԸՒԷԼ ԵՆՃԷՃԵԷԵԱՆը "Ըեսապէն հասաւ Լոս Անճելըս: Կը ճանչնայի իր հայրն ու մայրր "Յեսապէն: Օր մր բժիշկ Ինճէճիկեանէն խնդրեցի, որ ինծի տար ցանկը քեսապցի հայ բժիշկներու: Պատրաստեր տուաւ։

Ահա իր որդին Գաբրիէլր, եղաւ Ամերիկայի մէթ առաջին ամէնօրեայ վարժարան հիմնողդ: Եկաւ Պէյրութ, կրցաւ գոյացնել գումար մը ու Ամերիկա երթալով յայտարարեց.– Դպրոց մը պիտի հիմնեմ Լիբանանէն բերլած դրամով...

Ամերիկա հայերը զարմացան, իրենք ալ մասնակցեցան ու հիմնուե­ցաւ Ֆերահեան վարժարանը։

Ահա մէկ քանի օրով Լոս Անճելըս եմ: Ընկերոջս Յակոբ Օվայետնին հետ ժամադրութեամբ մը կը բարձրանամ Պրն. Տնօրէնին մօտ, կը ծա­նօթանանք ապա քանի մը հարցումներ.- Զեր շրջանաւարտներէն քանի՞ աշակերտ կեանքի ասպարէզ մտնելէ ետք կօգնեն դպրոցին:

Լաւ հարցում մը, կըսէ, նոր սկսաւ այդ շարժումը, վերջերս երեք հոգի, մէկը հինգ հարիւր տոլար, միւսը երեք հարիւր եւ նրրորդը։ երկու հայւիւր տոլար բերին: Կերեւի շարժումի պիտի վերածուի:

Ամբողջ սրտով կը մաղթեմ, որ համաճարակի վերածուի այս երեւոյթը: Պրն. Ինճէճիկեան, իսկ ձեր աշակերտներուն քանի** տոկոսը հայկական ամուսնութիւն կր կնքեն:

Կր ժպտի ու կիսէ.– Հարիւր տոկոսը:

Այս տոկոսը բարձր է. կիսեմ, կերեւի ամուսնացողներ չկան, այդ է պատճաոր այս բարձր տոկոսին:

Ղարձեալ կը խնդայ։ Ոչ. կիսէ։ Աո այս օր երեք զոյգ ամուսնացած ենք վեցն ալ ներ դպրոցէն: Այս հարցին կապակցութեամբ կաշխատինք ուշադիր ըԱտլ: Մենք ալ կոլզենք, որ մեր տղաքը մեր աղջիկներուն հետ հայ ընտանիք կազմեն։

Հոսանքն ի վեր թիավարել եւ յաջոզիլ։ Այս է Գաբրիէլ Ինճէճիկեանին գործին անունը:

Ւրեն յաջոզութիւն կը մաղթեմ։