Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/375

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կքանցնի կարճ միջոց մը եւս, մենք կը բուժենք մեր բոլոր վէրքերը, կըլլանք քաղաքավար, կր սորվինք դգալ ու պատառաքաղ գործածել, նաեւ կըրծկալ, նաեւ քաղաքականօրէն ժպտիլ կը սորվինք։ ՀիմնակաՂւլ, պետու­թիւնը ունենալէ ետք, մնացեալը կր սորվինք։ Կարեւորբ դրօշ ունենալն էր, դրօշ մը, որ ծածանէր ոչ թէ Հալէպի Հայկական վարժարանի մը այ, Պէյրութի, Թորոնթոյի, Լոս Անճելըսի հայկական դպրոցի մը վրայ, այլ դրօշ մը, որ ծածանէր Հայկական հողերու վրայ...

Այսօր ունինք այդ դօշր, կարմիր է այդ դրօշը, Հայոլ արեան գոյնն ունի այդ դրօշը եւ Հայր վճռած է պաշտպանել այդ դրօշը...

Կր տեսնէք արդէն, որ մենք մուրիկներ չենք, մենք, այլեւս քաղաքական ժպիտներէ խարուողներ չենք...

Արմինէն ըսի, սիրելիս, դարձուր ինքնաշարժին քիթը դէպի ճա­շարան...

էս դադրեցայ խօսելէ։ ՝Որիսթոֆրրը լուռ էր։

Մտանք ճաշարան։ Ապսպրանքը եկաւ տաս վայրկեանէն: Ուտելու չսկսած, ՝Որիսթոֆըրը խօսեցաւ վերջապէս ու ըսաւ.– Տաքթրր, շուրջ կէս ժամէ ի վեր ըսածներուդ մասին կր մտածէի։ Պիտի ըսեմ, իրաւունք ունիս։ ճիշդ ես։ Ոայց երանի ամէն Հայ քեղի պէս մտածէր, կենացդ։

Ես ու Արմինէն խմեցինք Ուոքրրին կենացը։ Մեզ հասկցող Ուոքրրին կենացը։

Երբ տուն հասանք, Արմինէն ըսաւ.– Փոթորիկ կր սպասէի, այնինչ ՝Որիսթոֆրր իրաւունք տուաւ քեղի։

Ւրաւոլնքր Հայ ժողովուրդին կր պատկանի, պատասխանեցի ես, այղ իրաւունքը Հայ ժողովուրդը արիւնով շահած է, շահած է օգնութեամբը ռուս Ժողովուրդին, այսօր, վաղը ու մինչեւ յաւիտեան։

Կրկին բարեւ քեղ, այս Հեռաւոր Հալէպէն ու բաբին րնդ քեզ, Ուոքր՜ր։

ՅՈՎ ՀԱՆՆ ԷՍ ՇԻՐԱԶ

Ոիչ ան գամ բանաստեղծ մը, ու ոչ միայն հայ բանաստեղծ մը կր գրաւէ սիրտը ամբողջ ազգին։ Շիրաղ եղաւ համրնդհանուր սիրոյ աոարկայ։ Ջինք սիրեցին ճահելներն ու ահելները անսահման սիրով։

Գաղտնի^քր։

Շիրաղ խօսեցաւ ու գրեց իր ժողովուրդին հոգիէն, ու ոչ միայն իր Ժողովուրդին։ Ահա թէ ինչու իր լաւագոյն գործերով երբ թարգմանուեցաւ այլ լեղուներու, սիրուեցաւ նաեւ օտարներէ։