Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/384

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ոչ լեզու գիտէ Հայկազը, ոչ արհեստ ունի, ոչ տուն։ Ո՜°ւր երթայ։ Շուարումի համրով, անօթութեան համրով, յուսահատութեան համրաներով քալած, քալած, ու ի վերջոյ նաւաստի եղած է Հայկազ։

Վարժուած է այդ չարքաչ կեանքին, բագ կուրծքով, բագ ծովերու վրայ Հեմինկուէյ մը եղած է Հայկաղ, անկէ մէկ տարբերութեամբ - չէ գրած։

Ես իրեն եղբայրագայ Պէյրութի մէջ. Դրացիներ էինք։ Մեր առաւօտ­ եան սուրհր ինք պիտի եփէր։ Համեղ կերակուրներ կը պատրաստէր, գրեթէ ամէն օր, ու քանի որ ամուրի էր, ամէն օր տասնեակ մր մարգ իր հիւրը կփնէր։ Տունս կր լեցուի, կիսէր, պարապ տուն չեմ սիրեր, թող լեցուի։

Ամուսնացիր, Հայկազ, եւ տունդ այդպէս լեցուր, կիսէինք։

Ժամանակր անցաւ, կիսէր։ Ու կ*աւելցնէր.– Ւ միւս ան գամ գալըստեան։

Ոայց վերջապէս սատանան օր մը ղինք համոզեց, որ ամուսնանալ Մաքրուհի անունով սքանչելի ուսուցչուհիի մը հետ։ Որբ Հայկազը, մեր Հայկազը բախտաւորուեցաւ։ Տարին տասներկու ամիս Հայաստանի գովքը հիւսող Հայկազը բախտաւորուեցաւ նաեւ աղջիկ զաւակով մր, ինք կիսէր ալն ան ծաղիկով մր։

Ոայց ահա հիւանդութիւն մր զգետնեց այս հուժկու տղան: Շաքարը փոխանակ ինք հալչելու, հալեցուր մեր Հայկազը ու պատհաո եղաւ, որ հատանուին սրունքները...

Հիմ ա նստած կերազէ իր անցեալը։ Եւ ինչ անցեալ։ Ւնք, ջլապինդ երիտասարդ, թուրքերու կողմէ որբացուած տզայ, կ*ուզէ սեւ այդ ֆաշիզմէն վրէժ լուծել։ եր ներկայանայ առիթը, ոչ թէ մէկ առիթ, այլ բազմաթիւ։ Սնտուկէն կր հանէ փաստաթուղթերը ու կր նայի եր կար, երկար...

Մաքրուհին կր կարծէ, որ Հայկազը թուղթին կր նայի, մինչ մեր Հայկազը հեռուներն է... Սպանիոյ մէջ է, Պարչելոնի մէջ է, զէնքեր կր կրէ, գաղտնի զէնքեր կը մտցնէ Սպանիա, օգնելու համար այն հերոսնե­րուն, որոնք Ֆրանքոյի դէմ կենաց մահու կռիւ կր մղէին...

Ենչ օրեր էին Հայկազ։ Հայը որպիսի հեռաւորութիւններ, ովկիանոսներ կտրելով եկած միացած էր րարթիզաններու բանակներուն, որոնք մէկ անուն ունէին– Հակաֆաշիստ:

Աշոտ Անդրէասեանը Ամերիկայէն եկած էր։ եային տղաք, որոնք Ալեքսանտրէթէն եկա ծէին, Պէյրութէն ու Ֆրանսայէն եկած էին։

Ու Հայկազը եկած էր Յունաստանի որբանոցներէն ու տասնեակ, տասնեակ անգամներ հարիւրաւոր զէնք ու զինամթերք մտցուցած Սպանիա։

Հայկազը Ֆրանքոյի դէմ կռուած էր...

Մեր Հայկազը։