Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/385

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Զէյթունէն, Նորաշխւսր հեւսն դեր դաստ անի մէկ գաւակը։ Եր աոաջին գիրքը Հալէպ հրատարակեր, յետոյ, գիրքեր հրատարակեց Պէյրութի մէջ։

Ամբ ՈՂ կեանքի րնթացքին հօրը դրամով երեք պանդոկ րանեդուց Լիր ան անի մէջ։ Առաջինը Պուրճի հրապարակին վրայ, երկրորղր Պիքֆայեայի բարձունքին, երրորդր։ Պէյրութի ծովափին մօտերր օթէլ Սէն Ճորճէն ոչ այնքան հեռու:

Եր պանդոկները էոռի կր կոչուէին:

Ըսի, առաջին գիրքը Հալէպ հրատարակեց, վերջին գիրքը Երեւան:

Ուսեալ էր։ Աւարտած էր Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանը: Ու այս պարագան պատճառ եղած էր, որ բարձրէն նայի ոմանց վրայ եւ յաճախ կրկնէ,– Այսինչը համալսարան չէ աւարտած, ի՞նչ գիտէ, կամթէ այնինչը Համալսարանաւարտ է, մենք ալ համալսարան աւարտած ենք, ինչո^ւ միւսը կը ֆէթիշացնէք:

Եղաւ խմբագիր ու հրապարակագիր:

Սփիւռքի մէջ, սեփական դրամով գիրք հրատարակեց:

Հայաստանի մէջ՝ պետական դրամով։

Մարդը գրող չէր ծնած։ Հոս ու հոն զինք ուղեցին որպէս գրող ներկայացնել։ Ջեմ զարմանար։ Այս միտքս չայտնած եմ իրեն, թէ Պէյրռւթի, թէ Հալէպի, թէ/ Երեւանի մէջ։ Զայրացած է։ Այդ քու կարծիքդ է, ըսած է։

Հիմա, դարձեալ կը կրկնեմ, Յակոբ Նորունի գրող չէր ծնած, գրող չդարձաւ, մեռաւ առանց գրող դառնալու ու եթէ հրաշքով մր յարութիւն առնէ, պիտի կրկնուի նոյնը։

Յետ մահուք զինք չսիրողներն ալ գրեցին իր մասին։ Եթէ լսէր, կամ կարդար այգ բոլորր, պիտի ուրախանար։

Ուր ախանալու առիթը չունեցաւ։

Հանգիստ իր հայրենասէրի ոսկորներուն։