Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/50

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Երկրորդ ան գամ, Նուրիկեանին հետ խօսելու պատեհութիւնը ունեցայ հեռախօսով, Նիւ ճըրսիէն, Յակոբ Ասատուրեանին տունէն:

Բարձը խօսէ, կ քրոէր Նուրիկեան, բարձը խօսէ, լաւ չեմլսեր, խլացեր եմ։ Ես բարձրացուցի արդէն իսկ բարձը ձայնս։ Հեռախօսալարէն դէպի սիրտս կը հոսէր հայկական Խարբեւրդը, ուրկէ, ով գիտէ, Թլկատինցին թնչ ոսկի բերք պիտի հասունցնէր...

Ականջէս աւելի աչքերէս կը գանգատիմ, ըսաւ Նուրիկեանը, բացի ակնոցէս, խոշորացոյց ալ կը գործածեմ, որ կարդամ; Գիտես, որքան դժուար է կեանքը, երբ գրկուած ես ընթերցումի գերագոյն հաճոյքէն:

Մորմոքող սիրտ մըն էր իրը տարիներու բեռան տակ:

Անցեալ տարի, 1984ի Նոյեմբերին, նոր առիթ մը եւս ունեցայ հանդի­ պելու մեր նահապետ գրողին:

Նիւ Եորքի մէջ, հայ գթողները հանդիպում մը կազմակերպած էին նուիրաած Նուրիկեանի «Նոր Գիր»ին ել Յակոբ Օշականի ծննդեան հարիւրամեակին:

Բեմին վրայ, Թորգոմ Սրբազանի կողքին նստած էր իննսունմէկամեայ գրողը * Բենիամին նուրիկեան: Ու մինչ «Նոր Գիր»ի մէջ հասակ առած Սուրէն Մանուէլեանր կը խօսէր աւագ գթեղբօր՝ Նուրիկեանին մասին, ինքը։ «Նոր Գիր»ի խմբագիրը, բարձը ձայնով խորհրդածութիւններ կ՚ունենար ներկաներուն խնդուքը շարժելով...

Երեկոյի աւարտին, մօտեցայ Նուրիկեանին, դարձեալ համբուրեցի իր ձեռքր, ան գամ մըն ալ առնելով հայրենի հողին բոյրն ու համը:

Ով ԸԱալդ ալ չես ըսեր, խօսեցաւ Նուրիկեան:

Թորանեանն եմ, ըսի։

ԿեցիՐ> կեցՒՐ՛ եղ աւ իր պատասխանը, դուն Հալէպ կը բնակիս, Պէյրութի «Գրական Շր ջանա կ »էն ես, կը հրատարակէիք «Շարժում»ր, «Գիրք Գր ականութեան եւ Արուեստի»ն, դուն գթող ես: Շարունակէ, շաթունակէ գրել: Այգեպանն էր խօսողը; Շնորհակալութիւն, Այգեպան: ԻցԻ՜ւ տեսնենք քու դւսրադարձդ...

Հալէպ, 1985