Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/51

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Երբէ^ն ի վեր կը ճանչնամ զինք։ Առնուազն քառասուն ւոարիէ ի վեր։ Տարիները կ*անցնին, բայց Զարեհը կը մնայ երիտասարդ նաեւ իր գրականոլթեամբ: Ինք ուղիդ գիծի նման ուղիդ խօսողն է, նոյնիսկ կեոմաններուք ոլորաններու վրայ։

քառասուն տարիներու երկու մայրերէն մէկ մէկ օրինակ պիտի տամ Հաստատելու համար ըսածս։

Մելգոնեան կրթական Հաստատութեան մէջ ենք։ Զարեհը, մեծ տաՐՒքՒ^* Վահէ-Վահեանի միջնորդութեամբ եկած է մէկ տարուան ուսումէ մը ետք տիրանալու երկրորդական վկայականի:

Այդ տարին, հակաոակ ընդունուած սովորութեան, մեզ օդափո­ խութեան կը տանի ոչ թէ մեր մարմնամարզի ուսուցիչը։ Յակոր Աճէմեան, այլ ուրիշ մր Գարագաշեւանր, որ իր աշխատանքին դիմաց նուաղ նիւթական գնահատանք պիտի ընդունէր։

Սենք, այդ տարուան, այսինքն 1945թուականի մելգոնեանցիներս, Գարագաշեանի պատկառով զոհ տուինք Միջերկրական ծովի ջուրերուն, տէօրթ եոլցի Գրիգոր Դաւիթեանր։

Սիրտիս կը մեծնայ Գրիգորին ծովամոյն րԱալր նաեւ այն պատ­կառով, որ Պէյրութի ծէջ օդանաւի թոիչքի տոմս առած պահուս, ծա­նօթացած էի 9քիգորին ծնողներուն, որոնք ըսած էին ինծիր–Տղաս, Թորոս, դուն մերին Գրիգորէն քիչ մը մեծ կերեւիս, հոն, դպրոցին մէջ, աչքդ վրան ըլլայ, ձեոքդ մեր տղուն վրայ ըԱայ, փոքր է, պաշտպանէ զինք, երբ պէտք ունենայ:

էս չկրցայ պաշտպանել ^րիգորբ Միջերկրականի ալիքներու ն դէմ։ էս միայն լացի այդ օր ու հետագայ օրերուն, սիրելի ծնողք Գրիգորի։ Ու չեմ գիտեր, թէ դուք կ*ապրի**ք տակաւին; Եթէ կ՚ապրիք, անպայման անոր ցաւը, ձեր զաւակին ցաւը քառասուն տարիներու հեռաւորութենէն, տակաւին մոխիր կապած չըԱար իր վրայ։ Այդ կրակը տակաւին կայրէ ձեզ։

Ոայց ահա պիտի ըսեմ ձեզի, որ ձեր զաւակին մահուան բոցը Զարեհին ալ սիրտը այրեց այդ օրերուն, ու մեր բանաստեղծը գրեց երդ մը այդ տխուր առիթով, որ չանցաւ իր երկերուն մէջ, բայց որ կը յամենայ յիշողութեանս անծայրածիր երիզին վրայ։

Մենք, մելգոնեանցիներս, Գրիգոր Գաւիթեանի մահուան առիթով ցոյցի երեկոյ մր կազմակերպեցինք օդափոխութեան վրանաքաղաքին մէջ, ի Հալէֆքա ընդդէմ Գարագաշեանին: