Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/57

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Համագումարէն ետք, Շիքակօ եմ։ Այցի կերթամ բժշկապետի շիրիմին: Պարզ քար մը, գրուած միայն անգլերէնո վ՝ ՀէՔժկե ան 1899– 1984։ Ապա, դարձեալ անգլերէնով խօսքր մեր մեծբանաստեղծին։ Ու ես կ՚երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին...

Եուրը ոչ մէկ հայու գերեզման: Նոյեմբեր է։ Խոր աշուն: Բժշկա­պետը թաղուած է մենաւոր ծաոի մր տակ, որուն տերեւները թէեւ դեղնած, բայց կը յամառին յամենալ ինչպէս բժիշկը ինքը կր յամառէր մնալ:

Հայկն ու ես կը խոնարհինք Համբարձում Բէքլիկեանի շիրիմին առջեւ: Մինչ յուզումը կը խեղդէ զիս, երբ կը յիշեմ իր աշխատած հիւանդանոցին մէջբժիշկին յայտարարութիւնը ՝թէ հիւանղները, բուժուելէ ետք, կը համբուրէին ոչ միայն Տոքթ. Բէքլիկեանին ձեռքերը, այլ նաեւ ոտքերը... Կ*ուզեմ կը փորձեմ պոռալ.– Առանց հայու, այս ցուրտ հողին մէջ ինչպէս կը մնաս առանձին Բէքլիկե ան... ես քու...

Հայկը կը զարմանայ, մինչ ես կը շարունակեմ,– Պատմուածքներ գրեցիր, վէպեր գրեցիր, վերլուծումներ կատարեցիր, գիրք գրեցիր Զարենցի մասին, բայց բժիշկ ապրեցար ու յիսունհինգ տարի ծառայեցիր Ամերիկային: Ի**նչ ստացար ծառայութեանդ դիմաց: Ծառայութեանդ փոխարէն մենք պահանջք պէտք է ունենանք։ Մենք պահանջատէր ենք:

Որմէ** պահանջենք, ի**նչ պահանջենք, ըսաւ Հայկը: Ելանք քալե­ ցինք։ կարծէք մեղի հետ կը քալէր նաեւ բժշկապետը, դէպի իր ժողո–վուրդր...

Հալէպ, 1985

Ծառուկեանր երկար լսելէ ետք բժշկապետին համով հոտով պատմաթիւնները, կիսէ իրեն.– Տոքթոր, չե**ս կար ծեր, որ հիւանդներդ քեղի պէաք ունին: Ահա վեց ժամէ ի վեր նստած կր խօսինք: կրնանք նոյնքան ժամանակ ալ նստիլ, բայց մեղք են հիւանդներդ, եկ գնա, հիւանդներուդ նայէ։

Բժշկապետ Բէքլիկեան կը դառնայ Հայկին ու կիսէ.– Հայկ, եավրում, հասկցուր սա սրիկաներուն, որ ես տարին տասներկու ամիս հիւանդներուս հետ եմ, գիշեր ու զօր հիւանդներուս հետ եմ։ Ո**վ կր հարցնէ իմ մասին։ Ես առռ**ղջ եմ: Ո՞վ կը հետաքրքրուի ինձմով։

Ինչպէս ասոնց հասկցնեմ, այս Ան դրանիկին հասկցնեմ, որ այս միլ­իոնաւոր րնակչութիւն ունեցող Շիքակոյի մէջ, ես առանձին եմ, առանձ­ նութեան հիւանդութեամբ կը տառապիմ ու զիս րուժող չկայ:

Հիմա ձեռքս անցեր են ասոնք եւ կ*ուղեմխօսիլ ու լսել, լսել զիրենք։