Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/61

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայկը արեւելքէն է։ ճշգրիտ ԸԱալու համար ըսեմ՝ Հալէպէն: Երբ կը մեկնէր Միացեալ Նահանգներ, երբեք շէր կարծեր, որ կրնար օր մը դառնալ քիմիագէտ։ Դարձաւ։ Օայց սիրեց գրականութիւնը, սիրեց երաժշտութիւնը, սիրեց մարգը առանց գոյնի խտրութեան։

Հայկը, պահ մը կարծեց, թէ կրնայ մոռնալ հայերէնը, բայց չմոռցաւ: Վարուժանը հայերէնով սիրած էր, Զարենցը հայերէնով սիրած էր։ Ինչպէ^ս մոռնար այս թոէորը։

Ահա ինք ու Աարոյեանն են։ ժամուան մը համար ինք Աարոյեանին վարորդն է։ Գրողը կը տանի օդանաւակայան:

Ինքնաշարժը կը սուրայ, բայց որքան ալ սուրայ, չի կրնար հասնիլ մտածումի արագութեան; Հայկը Վարուժան կարտասանէ, «Հացին Երդը»էնշարք մը, ապա կարտասանէ հատուածներ «Հարճ»էն: կանցնի Զարենցին։ Սա «Գանգրահեր Տղան» է, այս մէկը «Եօթը խորհուրդ գալիքի սերմնացաններին» ու այս մէկը «Դէպի ապագան»։

Յանկարծ, ունկնդիր Սարոյեանը հարց կու տայ,– Հայկ, դուն ուրտեղէ^ն ինկար Ամերիկա...

Հալէպէն ինկայ, կըսէ Հայկ, արգելակելով ինքնաշարժին ընթացքը։

Հասած են օդանաւակայան։ կ՚իջնեն վար։ Սարոյեանի ուսին հին, պատմական ըԱալու չափ հին անձրեւանոցն է։ կը բարձրացնէ ձեոքր, կը ղարնէ Հայկի ու սին ու կըսէ,– Ուրեմն, Հայկ, Հալապէն ես, հաԵս քեղ տեսայ, Հալապ տեսայ։ Հալապ կը սիրեմ։ Երկրի հայ, Հալապի հայ, Պիթլիսի հայ նոյնն են։ Իմ խելք կըսէր դուն Հալապէն ես։ Հալապի հայ իրաւունք ունի խնձոր մը ուտէ իմ գրպանէն:

Այս ըսելով, Աարոյեան, գրպանէն կը հանէ խնձոր մը ու կ՛երկարէ Հայկին։

Օդանաւը իր ճամբորդները կը կանչէ1։ Սարոյեանը թռիչք կ՛առնէ։ Թռիչք տուող, հայուն ա մարդուն թռիչք տուող Սարոյեանը։

Հալէպ, 1985