Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/60

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Եկած է Շիքակօ։ Հայերը Հաւաքուած են։ Ուրախացած են: Հպարտացած են։ Եկած է 1949 թուականին։ Այդ թուականին արդէն Հռչակ ունէր։ Գրած էր իր նշանաւոր պատմուածքներէն մէկ քանին, գրած էր եօթանասուն Հադար ասորիներու մասին, 17 տար իքին թեւակոխած պարմաններու եւ թռչող տրապէզին վրայ եղող երիտա­սարդին մասին։

Աւելին, գրած էր թատրերգութիւնն եր։ Աարոյեան այնքան պարդ կր գրէր, որ ոմանք այդ պարզութիւնէւ կր չփոթէին պարզունակութեան Հետ։ Ոմանք կր կարծէին, թէ աՀա կր վերցնեն գրիչ ու թուղթ ու կր գրեն։ Ի՞նչ կայ որ, այդքան պարդ գրելու Համար տաղանդի անհրաժեշտութիւնր կա՞ր արդեօք։

Կր փորձէին ու չէին կրնար։ Մէկը իր Արամ որդին էր։ Փորձեր ու չկրցաւ։

Ու ահա Պրոտուէյի թատերական կեանքի յաղթականը Շիքակոյի մէջ էր ու շրջապատուած էր հայրենակիցներով:

Մէկը զինք կր ներկայացնէ։ Ենք իր ժողովուրդը կր դիտէ: Աջէն ու ձախէն բացագանչութիւններ, որ խօսի: Ու ինք դանդաղօրէն կ*եըէ ոտքի ու կր սկսի երգել երկրին երդը, իր ժողովուրդէն պարպուած երկրին երդը, երդ մը Պիթլիսէն: Այդ երդին մէջ կային լեռներ, կային կիրճեր, հովիտներ, կային անտառ ու գետակ, զեփիւռ կար ոլ կայծակ, ուրցի բուրմունք, ոչխարի մայիւն, կաթի համ ու վայրի ծաղիկի հոտ:

Աարոյեանը Պիթլիսր չէր տեսած, բայց ապրած էր Պիթէիսը իր մեծ մօրը պատմութիւնն եր ուն ընդմէջէն: Ապրած էր ու հիմա կ^ապրեցնէր իր ունկնդիրներբ:

երբ երդը վերջացաւ սրահը լուռ էր: Սրահը չէր ծափահարեր սրահը երղին աղդեցաթեան տակն էր:

Միջոց մը ետք, Աարոյեան առաւ քալեց; Երգելը աւելի լաւ է, քան խօսիլը, ըսաւ ու քալեց:

Սրահը իր ետեւէն ոտքի ելաւ:

Սր ա հը Սարոյեանին հետեւեցաւ դէպի Պիթլիս...

Հալէպ