Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/85

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Անգամ մը ըսաւ,– Դուն ուսանող ես Հայաստանի մէջ, գացած ես Սուըիայէն, Դաշնակցութեան կեդրոնը գալէ, դիս տեսնելէ չե^ս վախնար, վնաս մի շի՞ գար քեղի։

Պատասխանեղի.

- Դուն գիտես, որ Սթալինը աՀլ չկայ: Ինչո^ւ վախ­նամ: Գուցէ դուն վախնաս, որ պոլշեւիկներու երկրէն մէկը կինդունիս քու աշխատասենեակիդ մէջ: Խնդացինք:

- Մէկ բանի կը հաւատամ, ըսաւ կարօ Մեհեան, դիրի ուժին: Դիրը կարդացողին համար ուժ է, ըսի։ Իրաւունք ունիս, ըսաւ։ Իսկ ես, շարունակեցի, դիրէն աւելի կր հաւատամ հողին: Դիրը հողին վրայ արժէք ունի։ Դիրը հողին վրայ կը կարդացուի:

Դիր ու հող, հող ու դիր ղիրար պահելու սահմանուած են:

Արցունք կա^ր կարօ Մե հեանին աչքերուն մէջ։

Ազնուականի մր լացն էր այդ լացը։ Ամէն անգամ, որ տարեցի մը ւսՀքերր թրջուած են, ես ալ արցունքներովս միացած եմիրեն։

կարօ Մեհեանր լացուց զիս իր լացով։

Հայ մըն էր, ուսուցիչ մր, գրող մը։ Հաւատք մր ունէր, այդ ալ Հայաստանն էր։ Յանգաւորը էր իր հաւատքին համար։ Երբեք։

Դուն բաբի մարդ մրն էիր կարօ Մեհեան։ Հայ գրողր, ոեւէ գրող, չի կրնար բարիին մայր երակր չունենալ։ Անոր համար ալ հեքիաթներ գրեցիր, բարիին յաղթանակը ուղող հեքիաթներ։

Օրը իրիկուն չեղած մրցանակի արժանացար։ Արժանի էիր։

Դուն, ամբողջ կեանքիդ ընթացքին Հայաստանր երագեցիր, քալե­ցիր դէպի Հայաստան։ Հայաստան հասնելու համար երկար ու փշալի ճամբայ մր ընտրեցիր։ Այդ էր «սխալդ»։

Հիմա ի^նչ րնենք։

ք^արի նարդուն դէն հայհոյեցինք։ Աստուած ոչ անի։

կը կարդանք բարութեանդ էջերը։ կիրքերդ:

Հալէպ