Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/84

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

երկիրներուն մէջ գտնուելէ ետք եկայ մէկ եզրակացութեան։ մեր փրկու­ թիւնը Խորհրդային Հայաստանէն կրնայ գալ միայն...

1968թուականին դարձեալ Փարիզ էի։ Գացի «Յաոաջ»ի խմբագրա­ տունը։ Հոն էր, ինչպէս միշտ, կարծէք դարերու համար, Տիկին Միսաքեանր։ Հարցուցի Շաւարշ Նարդունիի մասին։ Հիւանդ է, ըսաւ։ Ծանր հիւանդ։

Ցանկութիւն յայտնեցի տեսնել հիւանդը։

- Կարելի չէ, ըսաւ, բժիշկները արգիլած են։

Այն ատեն սա հայրենական ձայնապանակը տուր իրեն, Լուսինէի ձայնն է, Հայաստանի ձայնն է, Կոմիտասի երդերն են։ Թող լսէ, գուցէ դե­ ղօրայքէ աւելի լաւ ազդեցութիւն մը թողու Նարդունիին վրայ։ Ես իրեն ըսած եմ, ինք պէտք է դիմէ սեփական արիւնով բուժուելու եղանակին...։

Տիկին Միսաքեան տարաւ ձայնապնակը։ Շաւարչ Նարդունի ունկնդրած է Հայաստանի ձայնը ու ըսած.– Մֆ, հիմա աւելի լաւ կր զգամ։

Մէկ քանի շաբաթ ետք չկար Նարդունին, քայքայուած էր իր մարմինը։ Հայաստանի ձայնը հասաւ, բայց ուշ Հասաւ գիտելիքներու անհատ­ նում շտեմարան այս հայկաբանին՝, այս խմբագիրին, այս սիւնակագիրին, այս ատենախօսին, որուն բեմը հայ թերթն էր։

Վերջապէս հանգստացաւ այս տաոապած գրողը օտար հողին մէջ։

Հալէպ

Շատ անգամներ բաբի բաոը արձանագրեմ պիտի սա գրիչիս ծայրովը։ Սիպիր տեսած մարգ էր կարօ Մեհեան ու քէնոտած՝ զինք հոն տանողներուն դէմ։

Հիմա, որ ինք չկայ, եթէ հարց տամ ձեզի թէ Սիպիրէն վերադարձէն ետք ի՜°նչ եղաւ իր կեանքը, կրնանք պատմել։

Ջինք աքսորած էին Սիպիր, վերցնելով Պուլկարիայէն։ Իր հետ էր նաեւ Զարմունին - Օննիկ Փանիկեանը - Փլովտիւէն։

Սիպիրէն ետք, Սննիկ մնաց Հայաստան, կարօ Մեհեանը անցաւ Փարիղ։ Ինծի կր թուի, որ Մեհեանը պաղ Սիպիրէն անցաւ «տաք» Սիպիր Փարիղ։

Սիպիրր աքսոր էր։ Փարիղր այլ աքսոր։ Հայրենի հող շէր Փարիղր ու չէր կրնար ըԱալ։ Օննիկր աւելի ճիշդ ըրաւ։

Ամէն Փարիզ այցելելուս կր տեսնէի կարօ Մեհեանը Հ.Յ.Ղ՝ի թան­գարանին կից սենեակին մէջ։ Երբեմն իր կնոջ հետ։ ք^արեւներ տարած կիըայի Օննիկէն։ Մեղմ ժպիտով կինդունէր Փանիկեանին բարեւներր, հարցեր կու տար, ակնոցը վար կառնէր, գրիչը կր դնէր մէկ կողմ ու կր սկսէր մեր զրոյցը: