Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/96

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Խրախունիներու մօտ կը հանդիպիմ Վարդան Կոմիկեանին, կնոջն ու զաւակներուն։ Լաւ բարեկամներ են։

Շարք մը գրողներ ունինք Իսթանպուլի մէջ գնահատանքի արժանի: Բայց արդի իսթանպուլահայ գրականութեան Տապանակ Ուխտին այս երեք տղող վրայ է - Հատտէճեան, Զահրատ, Խրախունի:

Ողջո՜յն ձեզի, իսթանպուլահայ գրիչի նուիրեալներ:

Հալէպ, 1985

Ծառուկեանր կիսէ թէ այնթապցիները արուեստագէտ չեն ծնիր։ Այնթապցիք կիսեն ահա/ Թօփալեանր; Ծառուկեանր կիսէ.– Զարմա­ նալի։ Մէկը իրեն բան մը կը յուշէ, Ծառուկեանր քունէ նոր արթնցողի մը նման.– ՀաՀ կիսէ, գիտէի, որ բան մը կար, Թօփալեանր թէեւ ծնած է Այնթապ, բայց մարաշցի է։ Մարաշցիները արուեստագէտ կ իցան։

Եսկ ես կ իսեմ– Այս պարագային Բիւղանդ Թօփալեանր ոչ մարաշցի է եւ ոչ ալ այնթապցի։ Պարզապէս հայ է եւ այդ իսկ պատճառով հաւա­սար ապէս թէ նկարիչ է, թէ*բանաստեղծ։

Ամէն Փարիզ երթալուս, շունչս Ռիշէ փողոցին վրայ գտնուող «Արաքս» տպարանին մէջ կառնէի։ Հոն կիըար Թօփալեանր, զբաղած գրաշարութեամբ կամ տպագրութեամբ։

Անմիջապէս կր թողուր գործր, կը վազէր քովս կու գար նաեւ Արտաշէս Զմբէթեանր ու զրոյց մրն էր կը սկսէր մեր միջել Հայաստանի մասին։

Օրր կ իլլար կէսօր։ Ւ^նչ պիտի ուտէինք։ երկուքով կ Հերթային կողքի խանութները, նէկը կտոր մը միս կը բերէր, միւսը՝ լոլիկ ու կանաչեղէն, գրաշարութեան սեղանին վրայ կը ջարդէինք մեր զոհերը ու թարմ հացով եղածը կը խժռէինք։ Փարիզի նէջ կապրէինք փարիղավարխ...

Այսպէս էր մեր դիրի աշխատաւորներուն կեանքը։

Բաներ մը բերա^ծ ես, կիսէր Թօփալեան, «Անդաստան»ին նոր թիլր շուտով լոյս պիտի տեսնէ։ Եթէ բաներ մը բերած ես, տուր, եթէ չես բերած, ահա քեղի աթոռ ու սեղան, նստէ գրէ, որ ես ալ շարեմ ու տպեմ։

Արդարեւ, Բիւղանդ Թօփալեան, «Անդաստան»ի յօդուածները ինք կը շարէր, ինք կը սրբագրէր, ինք կը տպէր, պարբերագիրքը ինք կը կազմէր, ինք կր ծրարէր, հասցէները կը գրէր, ծրարները ինք նամակատուն կը տանէր, բայց.. փոխարէնր ոչինչ կր ստանար։

Շաս7 մը բաժանորդներ պարբերականին փոխարժէքն անգամչէին գրկեր...