Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/19

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թորոս Թորաճեաճ

ՉՄՈՌՆԱՆՔ ՄԵԿՆՈՂՆԵՐԸ «Դէպի լեառն Աբուլ» Մկրտիչ Սարգսեանի

Մկրտիչ Սարգսեանը Հայրենական պատերազմին մասնակցած, երկիր վիրաւոր վերադարձած, իր խիզախութեամբ յայտնի, վաստակաւոր գրող մըն է, ճանչցուած որպէս բանաստեղծ ու արձակագիր։

Ջաւախքի զաւակ Մկրտիչ Սարգսեանը հանդէս եկած է նաեւ երգիծական գործերով, որովհետեւ ան աշխարհը դիտած է Ջաւախքի Աբուլ լերան գագաթէն, սկեպտիկ ժպիտով մը, թէեւ պատերազմի ընթացքին զէն ի ձեռին ֆաշիզմի դէմ պայքարելով։

Ջաւախքի մայր հողը տուած էր Սարգսեանին ազատախոհութեան այդ անբեկանելի ոգին։

Հիմա, իր մահէն տարիներ ետք, Մկրտիչ Սարգսեանի որդին՝ Վահագն Սարգսեանը, «Դէպի լեառն Աբուլ» գիրքը (2013) կազմելով, մեր սիրած գրողին վերապրումի մը առիթը ընծայած է, մամուլին յանձնած է այս մեծղի, 660 էջերու վրայ տարածուող հատորը, ըսելու համար մեզի «Չմոռնալ մեկնողները»։

Մենք չենք մոռցած, որ Սփիւռքէն կու գանք, երկիրը չէ մոռցած իր նուիրեալ զաւակը, որուն ողջ կեանքը նուիրում մըն էր դէպի իր հայրենիքը՝ զէնքով ու գրականութեամբ։

Հիմա իր այս հատորը՝ արձակ եւ բանաստեղծութիւն՝ «Դէպի լեառն Աբուլ», յառաջաբանովը՝ Վահէ Սարգսեանի, ուր կը կարդանք. «Մկրտիչ Սարգսեանք յիրաւի այն գրական գործիչներից էր, որոնք մինչեւ կեանքի վերջին վայրկեանները կապուած մնացին ծննդավայրի