Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/27

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թորոս Թորանեան

Մկրտիչ Սարգսեան գրողը խորապէս կը ճանչնայ իր ժողովուրդը անոր դարաւոր աւանդութիւններովը, ունի պատկերաւոր լեզու, բնութեան գեղեցկութիւնները ապրումով ընկալելու, ապրելու ներհայեցողութիւնը։ Գրող, որ կ'ապրի իր ժողովուրդին ցաւերովն ու բնութեան գեղեցկութիւններովը ու կ'որռնէ փրկութեան ճամբաներ վասն իր ժողովուրդին։

«Խաչուած քաղաքը». Այս անգամ վէպ մը, որ ընդգրկած է այս հատորին 280-532-րդ էջերը։ Հոս, հեղինակին «Երկու խօսք»ին մէջ կը կարդանք. «Խաչուած քաղաք» վէպը պատմում է այն մի բուռ հայերի մասին, որոնք մնացին աւերուած ու պարտուած քաղաքում եւ ելան անհաւասար ու անհեռանկար պայքարի թուրքական գնդի դէմ։ Նրանք հերոսութեան ու քաջութեան արտառոց օրինակներ ցոյց տուին...»։

Վէպը կարդալով ունենանք այդ տուեալները...

Բաց քամակին կատու շալկելու պատմութիւն-պատկերը յաճախ կրկնուած է հեղինակն թէ՛ նախորդող, թէ՛ այս վէպին մէջ։ Քաղաքական վէպը սկիզբը կը վերածուի սիրային վէպի։ Իսկ առանց սիրոյ՝ վէպը կը դառնայ անլի։

Հեղինակի հոգիին մէջ ահագնացող սէրը մայր հողի, յատկապէս Ջաւախքի նկատմամբ այնքան բոցավառուած է, որ կռիւներն ու ընդհարումները նկարագրած է երկարապատում։ Կան ռոմանտիկ հատուածներ։ Չափազանցուած է ու շլացուցիչ հանգամանք տրուած հայ գեղեցկուհիին հերոսացումի վարկածով։ Արդէն հեղինակը զգալով թէ գրողը չափազանցում կը կատարէ, գրած է. «Այս խաղք երկար տեւել չի կարող»։

Ցանկալի մտածումներ տեղ գրաւած են վէպին մէջ։ Բայց ջաւախքեան ժողովրդային երգերը փայլք կու տան վէպին։

Եղիսաբէթը գազանազո՞ւսպ դարձած է... Բոլոր զինք տեսնողները «կը մեխուէին տեղում»։ Այս «հրաշքը» վերջ չունի՞...

Հեղինակին կողմէ գրաւիչ են բնութեան նկարագրութիւնները։

«Ճակատամարտն աւարտուած էր, եւ շարունակւում էր պայքարը...»։ Վերջ գտաւ վէպը՝ անգամ մը եւս հաստատելով հեղինակ Մկրտիչ Սարգսեան վառ հայրենասէրին ստուգատեսը։

Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանի վկայութիւնը՝ «Ջաւախք լեռնաշխարհը