Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/26

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

Ի՜նչ ուրախութիւն։ Սուփրան գցուած է, քէֆը՝ սկսած։

Բայց հօրաքոյրը ամուսինին սեւ թուղթը ստացած էր 40 օր առաջ...

«Հրաժեշտ ծննդավայրին» (վաւերագրական պատմուածք). Պատերազմէն յաղթական եկած հայորդիքը չեկիստ դարձնել կը փորձեն։ Այդ՝ Ախալքալաքի մեծն էր։ Կը վիճի, կը լքէ ծննդավայրը եւ գալով Երեւան՝ յաջող քննութենէ մը ետք կ'ընդունուի համալսարան։

«Չէ՞, Օնէս». Օնէսը՝ մեռած է։ Իր հասակակիցներէն երկուքը կը շրջապատեն հանգուցեալը եւ զրոյց մը ծայր կ'առնէ երեք հոգիի միջեւ... Օնէսը՝ վախճանեալ, երկուքը՝ ողջ-առողջ։ Առողջ եղողները իրենց ողջ պատմութիւնը կը պատմեն՝ հաստատումը Օնէսէն սպասելով։ Իրականութեան մէջ, խօսիլ տուողը պատմութեան հեղինակն է, ուր կան թէ՜ հեղինակային մաքուր հայերէն հիւմորապատ, թէ գրաբար, թէ՜ ժողովրդային ստեղծագործութիւն։

Հանգուցեալի դէմքին ալ ժպիտ մը կայ, կարծէք կը լսէ ընկերներուն պատմածը եւ կ'ուզէ հաւանութեան երկու խօսք ըսել, բայց, կ'ալարի։

«Մեր գնալով աշխարհը կորուստ չի ունենայ,

... Հինը՝ հողին, նորն՝ արեւի շողին։ Չէ՞, Օնէս»։

Դագաղը տանելու եկած են։ Օնէսին դագաղը...

«Անանձնական կեանք՝ անձնական ցաւերով» (վիպակ). Կոմունիստական հասարակարգի նեխած տուեալները խորապէս տրուած են այստեղ։ Վիպակը գրուած է 1989-ին։ Զարմանալ կարելի է թէ Մկրտիչ Սարգսեանը ինչպէս փակ գզրոցի տակ կրցած է պահել այս գրութիւնը, քանի որ բացայայտուելու պարագային զինք կրնար ենթարկել հօրը ճակատագիրին- այսինքն հօրը՝ նուիրեալ կոմունիստի գնդակահարման ենթարկելու որոշումին։ Բայց հայրը մահացաւ սեփական մահով, քանի զէն ի ձեռին ան մասնակցած էր Սարդարապատի նուիրական ու ահեղ պայքարին ու վիրատրուած։ Վէրքը նորոգուած էր։ Հիւծախտ։ Առաւել հոգեկան հիւծախտը՝ հայրը տարին գերեզման։ Յատկանշական է հօր կտակը։

Աշխատանքէ եւ կուսակցութենէ հեռացուած, սովի մատնուած հայր մը ի՞նչ կրնար կտակել իր կնոջն ու երկու որդիներուն, եթէ ոչ սովամահութիւն։