Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/29

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թորոս Թորանեան

պիտի ըսենք այսօր։ Այդ երգը որպէս հայութեան դրօշ կը շարունակէ ծածանիլ հոն ուր հայեր կան։

Այդ դրօշը բարձր պահողներէն է Մկրտիչ Սարգսեան Ջաւախեցին։

«Հոգիներու թարգմանը» բաժինին մէջ, միշտ սրտով, Մ.Սարգսեան կը գրէ. «Ջաւախքից պէտք է լինել զգալու համար այդ տէրեանական լեռնաշխարհի գոյներն ու բոյրերը։ Զարմանալի ինքնատիպ է Ջաւախքի բնութիւնը», ու գրողը կը շարունակէ իր քնքույշ ձօներգը Ջաւախքի մասին։

Նոյն բանաստեղծական ձօները Վ. Տէրեանի մասին։

Դեր. Դեմիրճեանը եւ նրա դասերը (Դ. Դեմիրճեանի 100-ամեակը).

Մկրտիչ Սարգսեանը հոգելի սրտեռանդութեամբ կը գրէ. «Դեմիրճեանը, ինչպէս իւրաքանչիւր ճշմարիա ու մեծ արուեստագէտ, անմահի իրաւունքով, մտել է ժողովրդի կեանքի մէջ, խառնուել նրա կեանքին, իսկ անմահութիւնն ինքնին ժխտումն է մահի ու մոռացութեան»։

Դ. Դեմիրճեանը լիովին ճանչնալ կարելի է Մ. Սարգսեանի այս էջերով։

Նոյնպէս, Դ. Դեմիրճեանի «Քաջ Նազարը» լիարժեքօրէն հասկնալու համար կարդալ պէտք է Մ. Սարգսեանի արժանընտիր այս էջերը։

Սքանչելի յուշ մը կը հետեւի վերի տողերուն Մ. Սարգսեանին կողմէ, թէ ինչպէս ընկերներուն՝ Սերօ Խանզադեանի եւ Համօ Սահեանի համար Դ. Դեմիրճեանէն պարտքով 1000 ռուբլի կը խնդրէ։ Դեմիրճեանը կը պատասխանէ,- լա՛ւ, գնացէ՛ք։ Պիտի տա՞յ, թէ՞ ոչ, անյայտ է։ «Լաւ»ը լաւ բառ է, բայց «գնացէ՛ք»ը վտարելու պէս հնչած է։ Յաջորդ օրը գումարը ղրկած էր գրողներու տան հասցէին փոխանցուելու համար։ Այսպիսին էր Ջաւախեցի մեծ գրողը։

Միջոց մը իրօք նոյնք կու գան տալու իրենց պարտքը։ Դեմիրճեանը թէ՝

— Ինչո՞ւ եկած էք։

— Եկած ենք մեր պարտքը տալու, վարպե՛տ։

— Երեխաներ ունէ՞ք։ Այո՛, այդ փողով ձեր երեխաներին նոր կօշիկ առէք։ Մեր օրերին ո՞վ է պարտք վճարողը, դէ՜, գնացէ՛ք։

Ցաջորդող էջերուն մէջ «Աւետիք Իսահակեանը Դ. Դեմիրճեանի մասին», «Հնարամիտ Դերենիկ Դեմիրճեանը», «Մեծերի կռիւը», «Սայլ՝ քառակուսի անիւներով», «Խանդոտ Դեմիրճեանը», «Իրաւունք չունէր»,