Թորոս Թորանեան
դրան՝ պատերազմում, թէ խաղաղ ժամանակ, չի կարող հայրենիք ունենալ, վկա՛յ մեր ժողովրդի ողջ պատմութիւնը»։
Շունչ մը առինք երեքով՝ ես, Արշակեանը, Մկրտիչ Սարգսեանը։
Բայց այս ի՞նչ կը տեսնեմ, հաւատա՞մ աչքերուս։ Գիրքը նոյնն է, փոխուող էջը ծովէն հանեց անունս, զոր մոռցած էի։
Չէ՞ք հաւատար, ահա՜. «Նայիրի»ի զրոյցները, գրի առաւ՝ Թորոս Թորանեանը (1970)։ Քանի Գէորգ Արշակեանի գրքոյկէն ելաւ անունս, տեսնեմ ի՞նչ ըսած եմ տարիներ առաջ.
«Յետմիջօրէի մը նստած ենք «Հայաստան» հրատարակչութեան սենեակներէն մէկուն մէջ ու կը խօսակցինք երեքով ես, Մկրտիչ Սարգսեանն ու Գէորգ Արշակեանը։ Մեր նիւթը գրականութիւնն է, Սփիւռքը, մեր արձակին արդի վիճակը:
Մեր արդի արձակին մէջ անուն հանած այս տղաքը փոխն ի փոխ կը պատասխանեն հարցումներուս։
Ահա՛կը խօսի Մկրտիչ Սարգսեանը․
— Մեր արձակը դժուարութեամբ է պատասխանում այսօրուայ ընթերցողի պահանջներին։
Գէորգ Արշակեան
— Փոխանակ կեանքի անկեղծ, ճշմարտացի պատկերման, դէս ու դէն ընկած գրական ոճեր են որոնում մոռանալով որ ոճը ինքը՝ մարդն Է։
Մկրտիչ Սարգսեան․
— Այս բոլորի մէջ քիչ մեղք չունի գրական քննադատութիւնը, որ յաճախ մի կողմ թողնելով թեմայի մեծութիւնը բարձրացուող հարցի մեծութիւնը զբաղւուամ է ոճի տարօրինակութիւներով։
Գէորգ Արշակեան
— Մեր վիճակից եթէ գոհ լինենք, նշանակում է լճանում ենք»։
Դո՛ւք, սիրելի՜ ընթերցողներ, կ'երեփ համբերութեամբ հետեւեցաք այս գրութեան, ես, համբերահատ ըսի.