— «Ընկերնե՛ր, երկուքդ ալ կ'աշխատիք «Հայաստան» հրատարակութեան մէջ, որպէս գլխաւոր խմբագիր (Մ. Սարգսեան) եւ գլխաւոր խմբագրի տեղակալ (Գ․ Արշակեան), ի՞նչ կրնայիք ըսել սփիւռքահայ գրողներու գիրքերուն հրատարակութեան կապակցութեամբ։
Կը պատասխանեն գրեթէ միասնաբար․
— Ելնելով վերեւ նշուած մտածողաթիւններից, վերջին տարիներին տասնեակ գրքեր այս ընծայեցինք սփիւոքահայ գրողների գործերից, դարձրինք ժողովրդի սեփականութիւն։ Գրքեր, որոնք մի քանի օրերում սպառուեցին, ապացուցելով մեր ժողովրդի սէրն ու հետաքրքրութիւնը հանդէպ սփիւռքահայ գրականութեան:
Սփիւռքահայ գրողի գիրքը կարօտով սպասուող գիրք է։
Այսուհետեւ էլ կը շարանակուի հրատարակչական այս քաղաքականութիւնը աւելի լաւը ընտրելու ճանապարհով»։
Որպէս պատասխան, եզրափակիչ յայտարարութիւն, ըսի բարեկամներուս.
— Ձեր վերջին խօսքը՝ աւելի լաւը ընտրելու խօսքը՝ շա՛տ, շա՛տ, շա՛տ սիրեցի։
Ամբողջ գրքոյկը արտագրել չէ միտքս, ըսել կ'ուզեմ.
— Անցեալը չմոռնանք, ով որ անցեալը մոռնայ՝ չի կրնար կառուցել թ՛է ներկան, թէ՜ ապագան։
Ես վերագտայ բարեկամներս։ Բոլոր հայերը բարեկամներս են, բացի ազգին դաւաճաններէն, անոնք ըլլան դաւաճան Դաւօն եւ Քսան կախաղաններուն մատնի՞չը, թէ՞ Միսաք Մանուշեանի մատնիչը։
Բարին ընդ ձեզ, ընթերցողնե՛ր։ Եւ մի՜ ըսէք՝ ընթերցող չունինք։
Ու չմոռնանք, որ այս գործին խմբագիրը Վահագն Սարգսեանն է, որ թոյլ տուաւ մեզի ունենալ վերոյիշեալ հրատարակութիւնը։