Թորոս Թորանեան
ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՐԳՍԵԱՆ.
ԳՐՈՂԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Այս գիրքը[1] ճանաչում գտած գրողի կենսամատենագիտութիւնն է այնքան ճոխ ու հարուստ, որ ընթերցողը այս բոլոր տուեալներուն տեղեակ ըլլալով՝ կը բացականչէ.
— Մի՞թէ մէկ գրող կրնայ Արագած բարձրանալու չափ գրականութիւն ստեղծել, բարձրանալ հոն՝ Արագածի պաղ ջուրէն իր ծարաւը յագեցնելու համար։
— Անո՜յշ ըլլայ, սիրելի՜ Մկրտիչ Սարգսեան։
Դուն առնել գիտէիր մեր Կաթնաղբիւր մշակոյթի գանձերէն, տալ ալ գիտցար տքնելով օր ու զօր, ահա՛ այսպէս.
|
Այո՜, մեր հեթանոս արքաները մեզ չխաբեցին ու կեանքի, գեղեցկութեան աղբիւր եղան ողջ ազգին համար, սուտ դրախտներ չքարոզեցին, երկիրը մեր դրախտի վերածել ուզեցին, իսկ դո՜ւն, սիրելի Մկրտիչ Սարգսեան, մէկ հոգիի Կարինեան ոյժովդ ամբողջ վարդաբոյր այգեստան մը ստեղծեցիր հրատարակուած դարձնելով գրադարան
- ↑ «Մկրտիչ Սարգսեան. Գրողի ճանապարհը» (կենսամատենագիտութիւն), կազմողներ՝ Վահագն Սարգսեան, Ռաֆիկ Ղազարեան, Երեւան, «Հայաստան», 2000, 212 էջ։