Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թորոս Թորանեան

«ՆԱՅԻՐԻ»–Ի ԶՐՈՅՑՆԵՐԸ

Նորութիւն չէ գրականութեան մէջ, որ սկսին բանաստեղծութեամբ, բայց շարունակեն արձակով։ Այդպէս պատահեցաւ նաեւ 1924-ին Ախալքալաքի մէջ (Ջաւախք) ծնած Մկրտիչ Սարգսեանին։ Մկրտիչի հայրը էրզրում-Ջաւախքէն էր, քաղաքացիական կռիւներու մասնակից, 11-րդ Կարմիր բանակի քաղաքական աշխատող, մէկ խօսքով՝ զինուորական մարդ, որ մահացած է 1933-ին, երբ ապագայ գրողը երկրորդ դասարանի աշակերտ էր։

Մկրտիչը յուզումով կը խօսի իր մօր մասին.

— Իսկակա՜ն մայր էր։ Ամբողջ կեանքը նուիրաբերեց ինձ եւ իմ եղբօր, ամենադժուարին տարիների ընթացքում։

Մկրտիչ Սարգսեանը իր հայկական միջնակարգ ուսումը կը ստանայ Ախալքալաքի մէջ,ուր հայերը մեծ թիւ կը կազմեն։ Ապա կ՚անցնի զինուորական ուսումնարան եւ սպայի կոչումով կը մեկնի ռազմաճակատ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմն է։ Երիտասարդ զինուորականը կը մասնակցի Սթալինկրատի ահաւոր կռիւներուն ու կը հասնի մինչեւ Ռումանիա։ Բազմիցս կը վիրաւորուի ու վերջապէս կը վերադառնայ թիկունք։

Պատերազմը գրողին համար կը դառնայ ներշնչումի մշտական աղբիւր։ Ահա՛ այդ է պատճառը որ յատկապէս Սարգսեանի արձակը մեծ չափով անդրադարձումն է պատերազմին, ուր կը բացայայտուին մարդ արարածին նկարագրի՝ այլապէս թաքուն մնալու սահմանուած շատ մը գիծերը։

Ահաւոր գեհենէն վերջ, երբ յաղթանակին բերած ուրախութիւնը, խայտանքը ըսելու եմ, մեծ էր, Սարգսեան կը հասնի Երեւան եւ կ՚ընդունուի Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական ինստիտուտ։ Կ՚աւարտէ 1951-ին։

Աշխատանքի կ՚անցնի նախ կուսակցութեան կենտկոմին մէջ՝ մամուլի եւ հրատարակչութեան, ապա՝ արուեստի եւ գրականութեան բաժիններուն մէջ։