Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/77

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Գուտցի Պ. Միքայէլեան

ներկան ապագայ չունի։ Մարդ արարածը կ'ապրի, ներկայ կեանքը կը դառնայ պատմութիւն։ Գոյապաշտ Հայն է, սակայն չի բռներ ո՛չ ֆրանսացի գրողին պոչէն, ո՛չ ալ կը հետեւի գրական դասընթացքներու, թէ ի՛նչպէս պէտք է գրէ։ Պարագան նոյնն է Մկրտիչ Սարգսեանին։ Կը գրէ իր իւրայատուկ ոճով՝ առանց վրդովուելու՝ թէ իր ժամանակակիցը ինչպէ՛ս կը գրէ։ Ապրելով նոյն միջավայրին մէջ, նոյն ժամանակամիջոցին, չէ կրցած թօթափել վիպապաշտութեան կարգ մը տարրերը։ Ի՛նչ տարբերութիւն կ'ընէ։ Կը սիրէ հեռաւոր վայրը, անծանօթը, խորհրդաւորը, բնութեան գեղեցկութիւնը, որ անկախ գոյութիւն մը ունի մարդկային հոգեվիճակէն․ կը սիրէ արկածախնդրութիւնը եւ կը հաւատայ իտէալին։ Ան կ'որոնէ կատարեալը, առանց սակայն ցոյց տալու թէ որն է կատարեալը։ Ուղեւորութեան նոթերուն մէջ կը դիտէ երեւոյթներ՝ գեղեցկութիւններ եւ տգեղութիւններ։ Առիթ չի տար ընթերցողին՝ դիտելու, զննելու, քննադատելու եւ ենթադրութեանց յանգելու։ Կը տեսնէ հեղինակը հինը, կը բաղդատէ նորին հետ, եւ կը խորհրդածէ. «Թէ՛ հին, թէ՛ նոր Հռոմի բնակիչները Պապին՝ Պօղոս Զ. Մանթինիին տեսնելուն պէս սուրբ Պետրոս հրապարակի քարէ սալայատակներին ջարդում են ծնկները։ Հին եւ նոր Հռոմների ֆուտբոլասէրները տխուր եւ տրտում վերադառնամ են ստադիոնից, երբ նրանց հաւաքականը պարտւում է Սովետական Միութեան հաւաքականից։ Հին Հռոմը միայն ոտքերով եւ մարմնով է կանգնած պատմութեան խորքերում, իսկ նորը պատմութեան հետ գործ չունի։ Մնացած ամէն ինչով նրանք ժամանակակից են 20րդ դարին...»։

Տխուր եւ միամիտ եզրափակում մըն են Մկրտիչ Սարգսեանին հաստատումները։ Շատ եւ շատ դժուար է 15 օրուան ուղեւորութեան մէջ բանաւոր եզրակացութեանդ յանգիլը։ Սակայն, դժուար ալ պիտի չըլլար տեսնելու այն գեղեցիկ, հանգստաւէտ ինքնաշարժները, որոնք այնքա՛ն օգտակար են մարդկութեան քան թէ մեծածախս հրթիռներ, որոնց պատրաստութեան համար Լիբանան մը իսկ դժուարութեան պիտի չհանդիպէր, եթէ տրուէր իրեն տրամադրուած նիւթը։ Մ. Սարգսեանի կարգ մը ակնարկութիւնները այդքա՛ն պարզ են իրենց խորքին մէջ, որ ընթերցողը պահ մը մտածել կու տայ կեանքի բնական