Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/78

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

երեւոյթներուն վրայ։ Մարմնի վաճառքը անբնական կը տեսնէ, հաւանաբար մէկ ախտը պուրժուազիայի։

Հոս տեղին է պատմել գիտական (հոգեբանական) փորձերէն դրուագ մը։ Կապիկ մը կը փորձէ սիրել էգ կապիկ մը։ Վերջինը դժկամութիւն ցոյց կու տայ։ Այլ եւ այլ ջանքեր ի զուր կը մնան։ Արու կապիկը քիչ ետք հնդկընկոյզ մը կը բերէ էգին։ Հաճոյակատարութեամբ էգը կը յանձնուի արուին։

Ի՞նչ կարելի է եզրակացնել այս պարագային, արդեօք կապիկները տակաւին պուրժուական վարչաձեւի՞ տակ կ'ապրին։

Վէպը հայկական վաշտի հերոսական կռիւները կը պատմէ, ընդդէմ ֆաշիզմի։ Հաճելի է կարդալ, զգալ պայքարը Հայուն՝ իր հայրենիքին կերտման համար։ Հեղինակին համար մահը միջոց մըն է հասնելու համար նպատակին։ Մարդ ինչո՛ւ կը կռուի․ ի՞նչ է մղիչ ոյժը։ Կեանքի ի՛նչ ընդհարումներ մարդ արարածը կամ համայն մարդկութիւնը կը մղէ իրարու դէմ։ Մկրտիչ Սարգսեան կը տեսնէ՞ իր տեսակէտը իր երկին մէջ։ Երբ Ալաճաճեանի հերոսները կը վերադառնան Հայրենիք, որոշ նպատակներ ունին։ Իրենց արտաքին վարմունքները թաքուն խորհուրդ մը կը պահեն։ Ի՞նչ կ'ուզէ ըսել Մ. Սարգսեան իր «ճակատագրով Դատապարտուածներ» երկովը։ Հետաքրքրական պիտի ըլլար լսել զինք Հայրենիքէն։

Պիտի ուզէինք որ պաշտպանէր իր թէզը, իր տեսակէտը։

Տաղանդաւոր է Սարգսեանը, Եւ կը հաւատանք իր տալիք բերքերուն։ Պատմուածքներուն մէջ կը տիրեն պարզութիւնն ու անկեղծութիւնը։ Շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ չերկարէր դրուագներ, որոնք անմիջականօրէն կապ չունին պատումին հետ։

Կը փափաքինք իրմէ կարդալ նոր էջեր։

Յաճախ պիտի անդրադառնանք մեր հայրենի գրողներուն երկերուն։ Պիտի ուզենք տեսնել հոն Հայուն դիմագիծը իր այլազան երեսներով։

«Սփիւռք» շաբաթաթերթ,
31.03.1968