Կոտրէ, կե՛ր, չաթըր չութըր,
Երակներդ կաթ լեցո՛ւր. Չ՚առնես նէ ալ մէյ մը տե՛ս, Երթամ նէ՝ չեմ դառնար ես։
Դեռ ո՞ր մէկ միրգերս գովեմ,
Թուխ ու կաղի՞նս թէ չամիչս,
Թէ Պրուսիայի շագանա՞կս,
Կամ Շահէն բերած արմաւս. Ամէնքն ալ անուշ ու թարմ, Ուտես նէ՝ դու կառնես համ։
Թէ քու ուած միրգերդ
Սակառիս մէջ չունիմ ես,
Այսօրէն ապըսպրէ,
Վաղն առտու բերեմ քեզ։ Ամենքն ալ անուշ ու թարմ, Ուտես նէ՝ դու կառնես համ։
Տե՛ս, կշառքս ալ ինձ նման
Մազի չափ ծուռ մուռ չունի,
Մանաւանդ ատրամներըս
Որ ցորեն մը պակաս չունի.