Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Ամանորն տենջալի
Ահա հասաւ վերջապէս,
Սեղան ունինք մըրգօք լի
Եւ շաքարներ ալ պէս պէս։
Մոմեր կարմիր ու ճերմակ
Վառին շուրջը սեղանին,
Երախայից սիրտն համակ
Ուրախ, կայտռեն, վիշտ չունին։
Գինւոյ բաժակն ի ձեռին
Հայրըն մաղթէ շատ բաներ,
«Ի՞նչ փոյթ,» կըսեն, «հօ՜, մերին
«Մըրգօք լեցնենք գրպաններ»։
Մայրն ձայնէ, «Է՛, տղաք,
Կակուղ թուզն ու րաղախին
Լեցուցէ՛ք զատ մէկ պնակ,
Բերէք տուէք մամիկին։»
|
|