Jump to content

Էջ:Կաղանդչէք առ մանկտին.pdf/6

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

— 4 —

«Նուշն, ընկուզն ու կաղինն
«Ակռայովնիդ մի՛ կոտրէք,
«Օգուտ չ՚ըներ զեղջ վերջին,
«Մեղք էք, շատ ցաւ կը քաշէք։»
Նախաճաշին ժամն հնչէ,
Մայրն յարդարէ պնակներ,
«Անուշապուրն աղւոր չէ՜,»
Գոչեն յաճախ մանուկներ։
Ճերմակ շաքարն ու օսլան
Կազմեն տարեքն բելբեին,
Այլ բիւր խորտիքս թէ ըլլան,
Է՛հ, չեն փոխեր ղերտեին։
«Մենք հաց չուտենք այս գիշեր,
«Մայրի՛կ, մեզի փոկեղ բե՛ր,
«Բայց փոկեղէն աւելի
«Սիրենք խուշեր խումրիներ»։
Հայրըն պարպէ ցը մրուր
Գինւոյ բաժակն, որ տայ խանդ,
Եւ կը մաղթէ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ
Նոր եւ բարի մեխ ԿԱՂԱՆԴ։