ՀԱԻԱՏԱԼ
Ես կը հավատամ: Հավատալը մխիթարութիվն չէ բնավ: Աւելին է: Հիները գիտէին ասիկա: Գիտէին, ճիչդ ատոր համար կը ստեղծէին պաշտպամունքի նիւթական ու հոգեական կոթողներ:
Հին պարսիկները արեւապաշտ եղած են: Մենք հայերս՝ նոյնպէս: Իրավունք չունէի՞ն արեւապաշտ ըլլալու: Առանց արեւի մենք գոյութիվուն կ՚ունենայի՞նք: Չէ՞ որ մենք բոլորս արեւի բեկոներ ենք: Աստուած, կ՚ըսենք, Աստուած մարդը ստեղծեց ըստ պատկերի իւրիւմ: Կ՚աւելեցնենք, ի՛նչ է այս եթէ ոչ Արեւը եւ մեր Արեւէն ճառագայթ մը ըլլալու իրականութիւնը:
Հաւատքը կրնայ զորանալ, կրնայ նուազիլ, կրնայ տակավ առ տակավ անէանալ, չքանալ:
Երբ չքացած է հավատքը, մարդը կը դարնայ ծոյլ, մարդը կը դադարի ստեղծագործելէ, նոյնիսկ գործելէ, կը դարնայ անպետք իր, եթէ կ՚ուզեք շրջուն դագաղ:
Այսօր, միլիոններու կը հասնի տզրուկներու թիւը: Տզրուկներ որոնք կ՚ապրին ի հաշիւ ուրիշի աշխատանքին: Անոնց մեծ մասը ուսեալ մարդիկ են, համալսարանաւարտներ: Չեն աշխատիր: Ինչո՛ւ համար է աշխատանքը, կ՚ըսեն: Երբ անգին տակաւին դար մը առաջ գերմանացի ընկերաբան ու փիլիսոփայ՝ Ֆրիտրիխ Էնքելսը կ՚ըսէր թէ աշխատանքը կապիկը դարձուց մարդ, ասդին, մեր նորօրեայ անաշխատ համալսարանականները կ՚աղաղակեն՝ այսօր աշխատանքն է որ մարդը կը վերած է կապիկի:
Համալսարաններու մէջ կ՚երեւի կայ ամպիոն մը որուն բարձր բեմէն ստախօսութիւն կը դասաւանդուի, կ՚ըսէր ինծի անցեալ օր բարեկամ մը:
Ինչո՝ւ այսքան հակասական կարծիքներ իրար կը հրմշտկեն: Բոլորին համար մէկ ձգտում կայ, բոլոր ճամբարները մէկ բան կ՚որոնեն՝ ճշմարտութիւնը:
Մէկը կ՚ըսէ թէ ճշմարտութեան պիտի հասնի աթոմը ճեղքելով: Պիտի հասնի անօգուտ լուսինը օգտագործելով, Հրատը գրաւելով:
Միւսը կ՚ըսէ թէ ամէն ինչի պիտի հասնի հաւատքով:
Մեծ ու պզտիկ: Հզօր ու տկար: Կեանք եւ մահ:
Բոլոր փիլիսոփայութիւններն ու բոլոր ճեղքուած աթոմները կրնա՞ն մեզ հասցնել խաղաղութեան:
Մէկ ազգութեան եւ մէկ