Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/97

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

—Այո, չեմ ծխած, բայց կը կարծէք թէ կնիկս վախէ՞ն է, ո՛չ, ոչ երբեք, այդպէս չկարծէք, միայն մահուհան վախէն. այդ անզգամէն, այդ հոգէառէն:

Սիրտը որքա՜ն կ՚ուզէ ծուխ մը քաշել: Կարօտցած է այնքան, որքան չէ կարօտցած է այնքան, որքան չէ կարօտցած Հայնիի պաղ աղբիւրը: Հայնիի աղբիւրը հեռու է, թշնամիի ձեռքին, բայց սիկարէթը ահա իր քովը նստած մանուկին մօտ ալ կայ:

—Սարգիս Տայի, հատ մը տուր թող քաշէ Տիգրանը, կը տեսնես կը չարչարուի:

— Թող չարչարուի: Ամէն օր ինքն ալ մեզ կը չարչարէ իր քարոզներով: Պինդ գլուխ է:

— Եղա՞ւ, այդպէ՞ս կը խօսին:

— Հապա ի՜նչ, Հայաստանի վրայ թոզ չի ձգեր, Մայիսի 28—ը կ՚ուրանայ:

Պարոն Տիգրանը կ՚ուղղուի կռիւի պատրաստուող աքաղաղի նման: Չորցած մատները փայտի նման կ՚ուղղուի Սարգիսին վրայ ու յարձակումը կը սկսի:

— Չկարծես որ ես քեզ չեմ հասկնար: Այդպէս չկարծես:

Բայց ահա քեզի կը պատասխանեմ, բոլորը թող լսեն ու դատաւոր ըլլան: Կ՚ընդունի՞ս:

— Այո՛, կ՚ընդունիմ:

— Ես ալ կը խօսիմ: Ես մեր Ֆետայիները քեզի չափ կը սիրեմ: Ես կը սիրեմ Անդրանիկը, Գէորգ Չաւուշը, Զոր. Սմբատը, Սերոր Փաշան, բոլորը, որոնք լեռ բարձրացան՝ մեր հողը, մեր երկիրը պաշտպանելու համար: Ես կը սիրեմ Մայիս 28—ն ալ: Գէշաղէկ անկախութիւն մը առինք, հայկական պետութիւն ունեցանք, վեց դարեր ստրուկ ապրելէ ետք մայրաքաղաք ունեցանք՝ Երեւանը:

Ով որ չի սիրեր Մայիս 28—ը, լաւ հայ չէ աչքիս, հասկցա՞ր:

Բայց, ահա կ՚ըսեմ քեզի, Սարգիս, ահա կ՚ըսեմ բոլորին, Մայիս 28—ը մեռաւ: Ինչո՛ւ դուն մեռելը կը գրգռես: Մայիս 28—ը մեռաւ: Եթէ չմեռնէր, մենք պետք է շարունակէինք պաշտել Մայիս 28—ը: Ինչպէս այդ օրերուն ազդօրէն ուրախացանք, այդպէս ալ պիտի շարունակէինք ուրախանալ: Բայց մեռաւ. ըսէ, Սարգիս, ես մեռելով ի՝նչպէս ուրախանամ: Մեռելին համար տխրիլ պէտք է: Ու ես միշտ ալ կը տխրիմ մեռելին համար, Մայիս 28—ին համար:

Հասկցա՞ր, այս՝ մէ՛կ:

Երկրորդ, երկրորդը Նոյեմբեր 29—ն է: