Jump to content

Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/98

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Նայէ, տես դուն Սուրբ Գիրք կարդացած մարդ ես: Քրիստոսի առաքեալներէն մէկը ըսած է եթէ Յիսուս յարութիւն չառնէր, մեր հաւատքը պարապ էր: Պարապ էր: Հասկցա՞ր: Բայց երբ յարութիւն առաւ, առաքեալները գօտեպնդուեցան եւ քրիստոնէութիւնը տարածում գտաւ:

Մայիս 28—ը մեռաւ: Ես կը սպասէի անոր յարութեան, բայց յարութիւն չառաւ, Սարգ՛իս, ե՞ս եմ յանցաւորը:

Եթէ յարութիւն առնէր, պիտի պաշտէի զայն, ինչպէս քրիստոնեաները պաշտեցին Քրիստոսը:

Բայց ահա եկաւ երկրորդը՝ Նոյեմբերի 29:

Սկսայ պաշտել Նոյեմբերի 29—ը: Այս ալ կարճ ժամանակ վերջ մեռաւ: Ու ահա ըսի, այս ինչ ցաւ է, այս ի՜նչ կրակ է. այս ալ պիտի դառնայ նոր Մայիս 28 մը, ալ եթէ յարութիւն չառնէ:

Ու ահա, ինչպէս Քրիստոսի գերեզմանին քարը Գաբրիէլ Հրեշտակապետը գլտորեց, Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւնն ալ գլտորեց Նոյեմբեր 29—ի գերեզմանին քարը եւ նորաժամանակ Հայաստանը յարութիւն առաւ: Հասկցա՞ր, Սարգիս, յարութի՛ւն առաւ, և ինչպէս Քրիստոս նստեցաւ ընդ աջմէ Մոսկուայի. ու ահա 51 տարիէ ի վեր չկայ ոյժ մը որ կարենայ գերեզման տանիլ մեզ: Քեզի եմ, քեզի՛, Սարգիս, ցո՛յց տուր ոյժ մը, որ կարենայ զգետնել մեզ, այս ալ իմ հաւատամքն է, հասկցա՞ր, Սարգի՛ս:

ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ

Մեր տղան գիշերն ի լոյս կը վազվզէ: Գործէն ելլելէ ետք տուն գալու սովորութեան դիմաց միշտ բացակայ կը ստանայ: Ես այնքան վրան պիտի չիյնայի եթէ մայրը լոյս ի մութ չտրտնջար. — զաւա՜կ մեծցուր, խելք կորսնցուր: Մեր զաւակները մեզի համար չենք մեծցըներ, ուրշներու համար են, ուրշներո՛ւ. դուն աչքիդ լոյսը հատցուր, մոմի նման այրուէ, ուրիշները լուսաւորուին, ուրշնե՛րը:

—Կնի՛կ, կատարեալ ողբասաց եղար մեր գլխուն. հայրս կ՚ըսէր թէ լացը լա՛ց կը բերէ, խնդալն ալ՝ խնդալ: Այս լալկանութեամբ մեր տան գլխուն փորձանք մը պիտի բերես, հերի՜ք է: Տղան երիտասարդ է, ակումբ կ՚երթայ, կը խօսին, կը խնդան, ժամանակ