Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/106

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

հազարավոր քիլոմեթր ճանապարհներ, բազմաթիւ կը նուաճուին մէկ րոպէի ընթացքին...

Այդ մտածմունքիս մէջ էի երբ ներկարար տղուն ձայնը սթափեցուց զիս.

—Պարո՛ն, պարո՛ն, եա՜ ըսթէզ, դուք ալ ձեր կօշիկները ներկել տուէք ահա այդ Հասանին մօտ, Աստուած վկայ ան ալ լաւ կը ներկէ:

—Բայց ես քեզի ներկել պիտի տամ կօշիկներս:

—Եա խաւաճա, մեղք է Հասանին, եօթը զաւակ ունի, ես առանձին եմ, մէկ բերան, անիկա ինը բերան պիտի կերակրէ... Մինչեւ ընկերոջդ կօշիկները ներկեմ, քու կօշիկներդ ալ Հասանը կը ներկէ, այսպէս իրար ալ չէք սպասեր...

ՊԱՐԿ ՄԸ

—Զօհրա՛պ, ուսիդ վրայ դարձեալ պարկ մը կը տեսնեմ:

—Ամէն մարդ իր ուսին վրայ պարկ մը ունենալու է վարի անկիւնը՝ ծակ: Այո՛, ի՞նչ զարմացած կը նայիս: Այդ ծակ պարկին մէջ լեցնելու է օրուան բոլոր սուտերը, բաբասանքները, անարգանքները...

Մինչեւ տուն հասնիս, ամէն ինչ պարպուած կ՚ըլլայ ու հանդիստ կ՚ըննես:

—Երանի՜ քեզի, Զօհրապ, որ ծակ պարկ մը ունիս ուսիդ:

ՄԱՆԿՈՒԹԻԻՆ

— Փարիզ գացած էի: Արեւելքէն Արեւմուտքի մեծ մայրաքաղաքին մէջ հաստատուած հին ծանօթներու հանդիպեցայ: Կը հաւատա՞ս, ամէն օր առաւօտեան դէմ պանդոկի աստիճաններէն վեր կը բարձբանայի հադիւ դտնելով սենեակս: Կրնամ լսերլ թէ ձեռնադնդակ դարձած էի հին ծանօթներու համար: Ամէն մէկը կ՚ուզէր իր տուն տանիլ զիս, իր ինքնաշարժով պտըտցնել զիս: Կը նստէինք, կը խօսէինք Հալէպի մեր անցուցած հին օրերէն, հիւղաւաններէն, նախծակրթարքաններէն, հայոց պատմութենէն: Ժամերուն սահիլը չէինք զգար: Ֆրանսական զինին կը լարէր մեր յիշողութիւնը եւ անոնք, այսինքն մոռցուած դէպերը անցեալի, կը դառնային ներկայ, զարմանալի պայծառուաթեամբ: Այնքա՜ն մանրամասնութիւններ կը յիշէինք...